Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Գումարէ Օրէնսդրական Նիստ Մը

December 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի նախագահէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու քաղաքական զարգացումները` հարաւային սահմանագիծին վրայ տիրող կացութեան առընթեր:

Քննարկուեցան նաեւ օրէնսդրական շարք մը հարցեր եւ այդ մասին տրուեցան համապատասխան որոշումներ:

Նիստէն ետք երեսփոխան Քապալան Քապալան կարդաց պլոքին անունով հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ, թէ Լիբանան կը մերժէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի փոփոխութիւնը:

Պլոքը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ միջազգային հասարակութեան կողմէ իսրայէլեան գոյացութեան վրայ ճնշում բանեցուի, որպէսզի ան կասեցնէ Լիբանանի դէմ իր բռնարարքները, ինչպէս նաեւ վերջ տայ Լիբանանի հասցէին կատարած իր սպառնալիքներուն:

Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի զարգացումները:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Մըր` ընկերակցութեամբ իր զաւկին` երեսփոխան Միշել Մըրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, Կազայի պատերազմն ու Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ բախումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան թղթածրարն ու անոր վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Էլիաս Մըր ընդգծեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոր շնորհիւ երկրին անվտանգութիւնը ապահովուած է:

Մըր աւելցուց, որ թիւ 1701 բանաձեւը փոփոխութեան ենթարկել կը նշանակէ բանաձեւը փճացնել, «եւ ասիկա շատ վտանգաւոր քայլ է», ըսաւ Մըր:

Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ Պըրրի իր կարգին յանձնառու է թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

Ան հաստատեց, որ ինք համոզուած է, թէ հարաւային Լիբանանի թղթածրարով զբաղող հեղինակութիւնները, այսինքն` բանակը, կառավարութիւնը, Պըրրին եւ Դիմադրութիւնը այնքան գիտակից են, որ կ՛արգիլեն հարաւային սահմանագիծին վրայ պատերազմի կամ ապահովական մագլցումներու շրջագիծին ընդարձակումը:

 

Նախորդը

Գաղթականներու Համաշխարհային Ֆորում. Միքաթի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Բաժնեկցելու Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարի Լուծման Մարտահրաւէրը»

Յաջորդը

Վիգէն Էօլճեքեանի Մասին Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.