
Քուէյթի 86-ամեայ իշխան Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սուպահ մահացաւ շաբաթ, 16 դեկտեմբեր 2023-ին: Անոր թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ` կիրակի առաւօտուն, բարեկամներու եւ ընտանեկան սեղմ շրջանակի մէջ:
Այս առիթով Քուէյթ քառասնօրեայ պաշտօնական սուգ յայտարարեց եւ հանգուցեալին յաջորդ նշանակեց անոր 83-ամեայ (խորթ) եղբայրը` Միշաալ Ահմետ Ժապեր Սուպահը:
Լիբանանցի պատասխանատուներ ցաւակցական հեռագիրներով թէ հաղորդակցութիւններով իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին հանգուցեալ իշխանի հարազատներուն:
Նմանապէս այս առիթով վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շրջաբերականով մը եռօրեայ սուգ յայտարարեց Լիբանանի մէջ: