Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ Բանակի Հրամանատարին Պաշտօնավարութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգելու Օրինագիծին

December 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին` ներկայութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ կարգ մը նախարարի պաշտօնակատարներու:

Օրէնսդրական նիստին իր մասնակցութիւնը շարունակեց պոյքոթի ենթարկել Հզօր Լիբանան համախմբումը:

Նիստը սկսաւ քննարկելով շարք մը օրինագիծեր: Անոնց քննարկումը օր մը առաջ կարելի չէր եղած:

Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանը վաւերացուց ոչ բնակելի վայրերու վարձքերու օրինագիծը, կիներու եւ անոնց զաւակներուն ընկերային ապահովագրութեան վերաբերող օրինագիծը, ինչպէս նաեւ այն օրինագիծը, որուն հիման վրայ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան 650 միլիառ լ. ոսկի կը յատկացուի, որպէսզի նախարարութիւնը սեփական դպրոցներու ուսուցիչներուն տրամադրէ այդ գումարը:

Ապա Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը դուրս եկաւ դահլիճէն, եւ որպէսզի խորհրդարանի օրինաթիւը պահպանուի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ, ինչպէս նաեւ փոփոխութեան կարգ մը երեսփոխաններ, ինչպէս երեսփոխան Ուատտահ Սատեք մուտք գործեցին դահլիճ:

Խորհրդարանը շարունակելով օրէնսդրական իր նիստին քննարկեց Ազգային հաւասարակշռութիւն պլոքին կողմէ ներկայացուած օրինագիծը, որ կ՛առաջարկէր լիբանանեան բանակի հրամանատարին եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգել: Խորհրդարանը համաձայն գտնուեցաւ նշեալ օրինագիծին:

Այսպիսով բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգուեցաւ:

Այս առիթով Պըրրի ըսաւ. «Բոլոր լիբանանցիները առանց խտրութեան կը զօրակցին լիբանանեան բանակին, ուրեմն յաւելաբանութեան կարիք չկայ»:

Ան ընդգծեց, որ առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ հերթին իրաւասու   թիւնը կառավարութեան էր, «սակայն խորհրդարանը պարզապէս իր դերակատարութիւնը ունեցաւ», ըսաւ ան:

Խորհրդարանի նախագահը նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանան մուտք պիտի գործէ տօնական օրեր, որոնք կրնան15 օրուան վրայ երկարիլ, «եւ եթէ այսօր նման որոշում չտայինք, ապա մտահոգութիւն կար, որ բանակի հրամանատարութիւնը դատարկութեան փուլի մատնուէր», աւելցուց ան:

Նախորդը

Կառավարութեան Նիստը Չգումարուեցաւ` Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով. Յաջորդ Նիստը` Երեքշաբթի Օր

Յաջորդը

Ալիեւ. «Ֆրանսայի Մէջ Որոշ Քաղաքական Ղեկավարներ Կը Փորձեն Հայերէն Աւելի Հայ Ըլլալ»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.