Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 15, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց 27/2023 հրամանագիրը, որ կը վերաբերի Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան օրերու պետական արձակուրդներուն: Հրամանագիրին համաձայն, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով` երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2023-ին, Նոր տարուան առիթով` երկուշաբթի, 1 յունուար 2024-ին եւ Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով` շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին:

ՏԸՊՊԱՅԷԻ «Ֆուհուտ» կամուրջին վրայ երէկ առաւօտեան շրջեցաւ հանրային փոխադրութեան նպատակով օգտագործուող փոխադրատար մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան 20 վիրաւորներ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ ինք նախապէս յաջողած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպել, սակայն ներկայիս նման հանդիպում մը կազմակերպելու փորձը ապարդիւն դուրս եկաւ` նկատի ունենալով քաղաքական սուր տարակարծութիւնները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան վստահուած է Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն դերակատարութիւնը իր աւարտին հասցնելու արարքը: Իր խօսքը ուղղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն` Խալիլ ըսաւ. «ՏԱՀԵՇ-ը չըրաւ ձեր ըրածը»:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք ուղղակի թիրախ է Հըզպալլայի կողմէ, որովհետեւ վերածուած է լիբանանեան մեծագոյն կուսակցութեան ղեկավարին` երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նկատմամբ ցուցաբերուած լիբանանցիներուն վստահութեան քուէներուն շնորհիւ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Սպիտակ Տունը Իսրայէլին Կազայի Մէջ Քաղաքային Զոհերու Արձանագրման Նկատմամբ «Մտավախութիւններ» Յայտնած Է

Յաջորդը

Մ. Նահանգներ, Բրիտանիա Եւ Քանատա Յանձնառու Կը Մնան Լիբանանեան Բանակին Զօրակցութեան

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.