Եւրոպական Միութիւնը 205,5 Միլիոն Եւրոյի Մարդասիրական Օժանդակութիւն Տրամադրեց Լիբանանին
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Եւրոպական Միութիւնը 205,5 միլիոն եւրոյի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրած է Լիբանանին` առ ի զօրակցութիւն անոր` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած դժուար ու տագնապալի պայմանները: «Եւրոպական Միութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը` շրջանային լարուածութեան եւ սպառնալիքներուն լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ կարեւոր կը գտնէ, որ լիբանանեան հաստատութիւնները լաւ կարողութիւններով օժտուած...




















