Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 14.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը սղած է 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.494.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.533.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.484.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 940.000 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի ընտրութիւնը`  նախագահական նոր ընտրաշրջանի մը համար:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց «Հարիրի» հաստատութեան հետ կապուած հարցեր եւ Սայտային վերաբերող խնդիրներ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններն ու անոնց ազդեցութիւնը Լիբանանի վրայ: Ժեմայէլ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլոն, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա տիւ Վալը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը մարտ 2024-էն առաջ կարելի պիտի չըլլայ լուծել: Ան հաստատեց, որ Կազայի պատերազմին աւարտն ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը միակ լուծումն են` կանխարգիլելու Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք իսրայէլեան հաւանական պատերազմ մը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ընդունեց Լիբանանի մէջ եգիպտական դեսպանատան քաղաքական խորհրդատու Քարիմ Իսմայէլը, որուն հետ քննարկեց Կազայի իրադարձութիւնները: Հաշեմ ընդգծեց միջազգային ընտանիքին կողմէ թշնամի Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ան կասեցնէ Կազայի դէմ սանձազերծած իր ցեղասպանական պատերազմը:

ԱԶԳԱՅԻՆ հաւասարակշռութիւն համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ահմետ Խէյր յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը առիթ տայ նախագահական համաձայնութիւն գոյացնելու` համախոհական թեկնածուի մը շուրջ, որ ատակ է այս փուլին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա. «Ժամանակն է արդէն համախոհութիւն գոյացնելու, որ բանակի հրամանատարը մարոնի չըլլայ»:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդգծեց, որ իրենց կամքն ու կորովը պիտի մնան ամուր` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն: Ս. Ծննդեան տօնին առիթով տեղի ունեցած համերգի մը ընթացքին կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ժահժահ մաղթեց, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն տառապանքը վերջ գտնէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց ֆրանսական Ծերակոյտի պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Հելեն Քոնուէյ-Մուրէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան բանակին կարիքները:

Նախորդը

Իսրայէլի Նախագահ. Պատրաստ Ենք Մարդասիրական Մէկ Այլ Զինադադարի Հաստատման

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Վրոնեցքայի Եւ Զօր. Լասարոյի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.