Հալեւի. «Կազայի Մէջ Կռուելէ Ետք, Պիտի Գիտնանք Ինչպէս Կռուիլ Լիբանանի Մէջ, Եթէ Անոր Կարիք Ունինք»
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի Կազայի մէջ իսրայէլացի զինուորներու առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ իսրայէլացի զինուորները պաշարուած Կազայի մէջ կատարածները զինք համոզած են, որ եթէ պէտք ըլլայ, անոնք կրնան լիբանանեան հողերուն վրայ կռուիլ: «Կազայի մէջ կռուեցանք, ուստի գիտենք, եթէ պէտք ըլլայ, ատիկա ինչպէս ընել Լիբանանի մէջ», ըսաւ Հալեւի: «Այստեղ (Կազայի մէջ, «Ա.») ձեր ըրածէն ետք, Լիբանանի մէջ չկայ...




















