Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Հըզպալլայի Ներկայութիւնը Կը Պարտադրուի Լիբանանեան Հողերու Իսրայէլեան Բռնագրաւումով»

January 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան դեսպանատունը պաշտօնապէս չէ փոխանցած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայնի Լիբանան այցելութեան մասին` աւելցնելով սակայն, որ իրենք կը սպասեն, թէ ամերիկացի միջնորդ պատուիրակը ի՛նչ նորութիւններ պիտի բերէ Լիբանանին:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ հարաւային սահմանագիծին վրայ Հըզպալլայի ներկայութիւնը կը պայմանաւորուի Մազարեհ Շեպաայի, Քֆարշուպայի բարձունքներուն եւ Ղաժարի մէկ բաժինին, այսինքն` լիբանանեան հողերուն վրայ իսրայէլեան բռնագրաւումով:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ եթէ Հոքշթայնի պարտականութիւնը միայն ցամաքային սահմանազատումն է, ապա անիկա հարցը պիտի չլուծէ, «որովհետեւ պէտք է սահմանը ընդունիլ վերադառնալով կանաչ գիծին, որ 1948-ի զինադուլին ճշդուած սահմանագիծն է, ինչպէս նաեւ պէտք է նահանջել բռնագրաւուած հողերէն` Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ հիւսիսային Ղաժարի «Պի. 1» կէտէն կամ Մարի գիւղաքաղաքէն: Այս մասին բոլոր լիբանանցիները միակամ են, եւ Հըզպալլա իր կարգին նոյն կեցուածքը ունի», շեշտեց Պու Հապիպ:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ որեւէ լուծում կամ համաձայնութիւն, որուն կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ, կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի վաւերացման: «Իմացանք, որ վերջնական ոչ մէկ համաձայնութեան կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ, բացի եթէ Կազայի դէմ յայտարարուած պատերազմը վերջ գտնէ եւ կամ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի: Նաեւ պէտք է հաստատել, որ հիմնական լուծումը պիտի ըլլայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին մանրամասն գործադրութեամբ», շեշտեց ան:

 

 

Նախորդը

Մաուլաուի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք. «Նախագահական Ընտրութեան Գործընթացը Դիւրացնելու Պատրաստ Ենք, Պայմանով Որ Գործակցութիւնն Ու Հաւասարակշռութիւնները Յարգուին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.