Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ Պըրրիի Ներկայացուց Հոքշթայնի Հետ Իր Հանդիպումին Արդիւնքները

January 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ պատերազմը պատճառ պիտի դառնայ, որ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու բնակիչները հեռու մնան իրենց բնակարաններէն, «ընդհակառակն` պատերազմը աւելի եւս պիտի հեռացնէ զանոնք: Հետեւաբար լուծումը պատերազմով չէ, այլ` դիւանագիտական ջանքով», հաստատեց ան:

Պու Սաապ նշեց, որ ինք նախանցեալ օր Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայնի հետ եւ Պըրրիի ներկայացուցած է այդ հանդիպումին արդիւնքները:

Պու Սաապ նշեց, որ ի վերջոյ պատերազմները լուծում ունին, իսկ Պըրրի միշտ ալ պատերազմներու ուրուականը հեռու պահելու պատկերացումներ ունեցած է:

«Կը մաղթենք, որ Հոքշթայնի վաղուան այցելութիւնը կայունութիւն իրականացնելու քայլ մը ըլլայ», յայտնեց ան:

Պըրրիի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, որ ներկայացուց Պէյրութի միջազգային օդակայանի ելեկտրոնային պաստառներուն դէմ գործուած կայքահէնութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ` այդ մասին բացուած հետաքննութեան լոյսին տակ:

Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի այս մասին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով յայտնեց, որ հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է եւ անիկա գաղտնօրէն կը կատարուի:

Մաուլաուի նշեց, որ խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցած է նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան գործունէութեան եւ որդեգրած միջոցառումներուն մասին մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարաններու աշխատանքներուն եւ քաղաքացիներուն աւելի լաւ կերպով ծառայելու նպատակով որդեգրուած քայլերուն մասին տեղեկութիւններ:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի:

Քննարկուեցան տեղեկատուութեան մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս դէպի Պէյրութ միջազգային պատուիրակներու այցելութիւններուն լոյսին տակ:

Մքերի շեշտեց, որ հակառակ ներքին լիբանանեան քաղաքական տարակարծութիւններուն, անհրաժեշտ է, որ լիբանանցիները միասնական ըլլան շրջանը փոթորկեցնող տագնապներուն դիմաց:

Պըրրի ընդունեց առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամը, որուն հետ քննարկեց տնտեսական եւ քաղաքական իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Միքաթի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Շրջաններուն Մէջ Բանակը Կազմաքանդեց Վառելանիւթ Պարունակող Խողովակներ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.