Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Բուռն Թափով Կը Շարունակուին

January 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ ռմբակոծումները բուռն թափով կը շարունակուին եւ կ՛ուղղուին դէպի յաւելեալ լարում եւ թէժացում` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան ուժերը ուղղակի թիրախ կը դարձնեն Հըզպալլայի զինուորական եւ այլ պատասխանատուներ:

Այս շրջագիծին մէջ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, թէ Իսրայէլ պատասխանատու է Հըզպալլայի «Ռատուան» փաղանգի ընտրանիներէն Ուիսամ Թաուիլի սպանութեան` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի պատասխանատուները, մարտիկներն ու ենթակառոյցը թիրախ են իրենց համար:

Միւս կողմէ, Խըրպեթ Սըլըմի մէջ  Հըզպալլա հողին յանձնեց Ուիսամ Թաուիլի մարմինը: Նախքան յուղարկաւորութեան արարողութիւնը իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր դարձեալ ռմբակոծեցին Խըրպեթ Սըլըմ շրջանը, ուր տեղի պիտի ունենար Թաուիլի յուղարկաւորութիւնը:

Ռմբակոծումը պատճառեց չորս վիրաւորներ:

Ուիսամ Թաուիլի յուղարկաւորութեան նախագահեց Հըզպալլայի կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք, որ հաստատեց, որ Դիմադրութեան եւ թշնամի Իսրայէլի միջեւ միայն հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու լեզու գոյութիւն ունի:

Իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Հուլա, Մհայպիպ, Ալմա Շաապ, Տհայրա, Մարուն Ռաս, Քֆարքիլա, Մէյսէլ Ժապալ, Այթարուն, Սլուքի հովիտ, Պէյթ Լիֆ, Ռամիա եւ Նաքուրա շրջանները:

Նշենք, որ Ղանտուրիէ շրջանին մէջ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր թիրախ դարձուցին ինքնաշարժ մը, որուն մէջ կը գտնուէին Հըզպալլայի երեք պատասխանատուներ, որոնք զոհ գացին այդ ռմբակոծումին:

Ղանտուրիէի ռմբակոծումը պատճառեց նաեւ երեք վիրաւորներ:

Իսրայէլեան բանակը ֆոսֆորային ռումբերով թիրախ դարձուց Նաքուրան:

Հըզպալլայի մարտիկները երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:04-ին կատարեցին երկրորդ գործողութիւն մը` ի պատասխան Համասի ղեկավարներէն Սալեհ Արուրիի եւ Հըզպալլայի զինուորական պատասխանատուներէն Ուիսամ Թաուիլի սպանութեան:

Դիմադրութեան մարտիկները ականուած անօդաչու թռչող սարքեր արձակեցին դէպի  բռնագրաւուած Սաֆատ քաղաքի իսրայէլեան Տատօ խարիսխը:

Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռով ռմբակոծեց իսրայէլեան Մալիքիէ եւ Պաղտատի դիրքերը, ինչպէս նաեւ Եաֆթահ զօրանոցը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին  իսրայէլեան Հանիթա դիրքը եւ Ատմիթ զօրանոցը` ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումներ:

Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռուեյսեթ Քառն դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:

Դիմադրութիւնը երէկ կէսօրէ վերջ ժամը 3:40-ին թիրախ դարձուց իսրայէլեան Պայատ Պլիտա դիրքը` ուղղակի հարուածներ հասցնելով անոր վրայ գտնուող լրտեսական սարքերուն:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Իսա Ալի Նուրէտտին, Հասան Ապտել Հիւսէյն Իսմայէլ եւ Ալի Հասան Պուրժի միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

Լա Քրուա Իշխանութեան Պետերուն Հետ Կը Քննարկէ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.