Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Հոքշթայն Կը Պատրաստուի Այս Շաբաթ Այցելելու Լիբանան. Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Իսրայէլեան Մայրուն Խարիսխը

Յունուար 9, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կը շարունակէ Լիբանանը ընդարձակ պատերազմէ մը հեռու պահելու իմաստով իր դիւանագիտական ջանքերը, հարաւային սահմանագիծին վրայ բախումները կը շարունակուին:

Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի երէկ երեկոյեան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն այս շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանան:

Միւս կողմէ, Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ` իմանալու համար արտաքին առումով ի գործ դրուած ճիգերը, որոնք կը միտին բողոքել Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն եւ բռնարարքներուն դէմ:

Այս առումով, Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Լիբանան միջազգային բոլոր ամպիոններուն վրայ եւ բոլոր հարթակներէն հաստատած է, թէ յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի մանրամասն գործադրութեան` ընդգծելով միաժամանակ, որ պէտք է վերադառնալ 1949-ի զինադուլի սահմանագիծ, որ կը նշանակէ հարաւային Լիբանանի բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան ուժերուն նահանջը:

Նշենք, որ Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ հարաւային Լիբանանի բախումները կասեցնելու միայն մէկ լուծում կայ, որն է թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւնը:

Նշենք, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կրթական բոլոր հաստատութիւնները` դպրոցները, համալսարաններն ու արհեստից վարժարանները պիտի շարունակեն փակ մնալ` տիրող անապահովութեան պատճառով:

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները
Բուռն Թափով Կը Շարունակուին

Միւս կողմէ, Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ ռմբակոծումները շարունակուեցան:

Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Հանին, Հուլա, Մհայպիպ, Այթարուն, Եարուն, Ռըմէյշ, Մէյսէլ Ժապալ, Սլուքի հովիտ, Խիամ, Քլայլէ հովիտ, Քաուսարիյէթ Սիատ, Այթա Շաապ, Համամես, Այնաթա, Քֆարքիլա, Ատայսէ, Եոհմոր, Մաժտալ Զուն, Ժըպպայն, Եարին, Մարուն Ռաս, Պլիտա, Ժապալ Պլաթ, Թէյր Հարֆա, Ռամիա, Պէյթ Լիֆ եւ Նաքուրա շրջանները:

Նախորդ երեք օրերուն ընթացքին իսրայէլեան ուժերը ամէնէն աւելի ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Խիամը, որուն դէմ արձակեցին մեծ թիւով ֆոսֆորային ռումբեր, իսկ կիրակի, 7 յունուար 2024-ին, իսրայէլեան օդուժը աշխուժ կերպով թռիչքներ գործեց Պէյրութի վերեւ, ինչպէս նաեւ կեղծ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Թըպնինի վերեւ:

ԱՖՓ եւ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնները երէկ կէսօրին հաստատեցին, որ իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծած են Խըրպեթ Սըլըմ շրջանին մէջ գտնուող ինքնաշարժ մը եւ պատճառած Հըզպալլայի «Ռատուան» փաղանգի ընտրանիներէն Ուիսամ Թաուիլի նահատակութիւնը:

Զոյգ գործակալութիւններուն համաձայն, Ուիսամ Թաուիլ Հըզպալլայի անուանի ու նշանաւոր զինուորական պատասխանատուներէն է, հետեւաբար անոր նահատակութիւնը Դիմադրութեան համար մեծ կորուստ է:

Հըզպալլայի մարտիկները 6 յունուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 7:50-ին կատարեցին գործողութիւն մը, որ Համասի ղեկավարներէն Սալեհ Արուրիի սպանութեան պատասխան գործողութեան առաջին քայլն էր:

Հըզպալլայի մարտիկները 62 հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մայրուն խարիսխը, որ կը հսկէր իսրայէլեան օդուժի գործողութիւններուն:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաստատեց, որ հիւսիսային շրջանին մէջ իսրայէլեան օդուժին գործունէութեան հսկող միակ խարիսխը Մայրունն է եւ անիկա հիմնական է իսրայէլեան օդային գործողութիւններուն հսկելու առումով` նկատի ունենալով դէպի Սուրիա, Լիբանան, Թուրքիա եւ Կիպրոս հասնող անոր համակարգը:

Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռով ռմբակոծեց իսրայէլեան Հաունին, Պայատ Պլիտա եւ Աւիւիմ դիրքերը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին  իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը, ուր կը գտնուէր իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը:

Դիմադրութիւնը հոյլ մը հրթիռներով թիրախ դարձուց իսրայէլեան Ժալ Օլամ եւ Մանարա դիրքերը, ուր սպաննուեցան ու վիրաւորուեցան մեծ թիւով զինուորներ:

Հըզպալլայի մարտիկները «Պուրքան» տիպի չորս հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռատար դիրքը` իրականացնելով ուղղակի թիրախներ:

Դիմադրութիւնը համապատասխան զէնքերով հարուածեց իսրայէլեան Մալիքիէ դիրքը, ուր կը գտնուէր իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը, ինչպէս նաեւ Ռուէյսեթ Ասի դիրքին վրայ ռմբակոծումի թիրախ դարձուց «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը եւ հրկիզեց զայն:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան Մարժ, Միթաթ եւ Շումերա դիրքերն ու Մթըլլէի զօրանոցը:

Դիմադրութիւնը «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Զըրհիթ եւ Եաարա դիրքերը` իրականացնելով ուղղակի թիրախներ:

Հըզպալլայի մարտիկները երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Հատըպ Պուսթան դիրքը` ուղղակի հարուածներ հասցնելով անոր:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Մուսթաֆա Հասան Սաատ, Խտըր Ալի Մհաննա, Մուսթաֆա Մահմուտ Ժապեր, Ապպաս Հիւսէյն Ռամմալ, Ապտալլա Հասան Ասմար, Հասան Ապըտ Ժաաֆար եւ Ուիսամ Հասան Թաուիլ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

 

Նախորդը

Բագրատունի Ստացաւ Ծննդեան Շնորհաւորութիւններ

Յաջորդը

Հայկական Ս. Ծնունդին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?