Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ելեկտրոնային Պաստառներուն Դէմ Կայքահէնութեան Վտանգաւոր Դէպք Մը Արձանագրուեցաւ

Յունուար 10, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 7 յունուար 2024-ի երեկոյեան, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ելեկտրոնային պաստառները ենթարկուեցան կայքահէնութեան եւ Հըզպալլայի ու Իրանի դէմ պատգամներ ուղղեցին:

Կայքահէնութիւնը կատարուած էր «Ժունուտ էլ ռապ» կազմակերպութեան անունով:

Իբրեւ նախնական քայլ, ժամեր ետք ապահովական կառոյցները ձերբակալեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ գործող երեք պաշտօնեաներ, որոնք կասկածելիներ էին` այս արարքը կատարելու իմաստով:

Շուրջ ժամ մը ետք օդակայանին մէջ բանող ելեկտրոնային պաստառները արդէն իսկ վերադարձան իրենց բնականոն աշխատանքին, իսկ Պէյրութի միջազգային օդակայանի տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ օդակայանի համացանցային համակարգը կայքահէնութեան չէ ենթարկուած:

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ ապահովական այլ կառոյցներ թեքնիք հետաքննութիւն բացին` բացայայտելու համար կայքահէնութիւն կատարող յանցագործները:

Այս շրջագիծին մէջ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ օր մը ետք հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ ապահովական կառոյցները պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը` ճշդելու համար կայքահէնութեան աղբիւրը, ինչպէս նաեւ անոր պատճառած վնասները:

Համիէ նշեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ աշխատանքը բնականոն կերպով կը շարունակուի` աւելցնելով, որ պատասխանատուները այլընտրանքներու դիմած են ճամբորդներուն պայուսակները ստուգելու համար` նկատի ունենալով, որ կայքահէնութեան այս արարքը խանգարած է ճամբորդական պայուսակները ստուգելու արդիական համակարգը:

Համիէ նշեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին դէմ կայքահէնութեան մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքը անմիջապէս պիտի ներկայացուի Լիբանանի կառավարութեան:

Իր կարգին, Պէյրութի միջազգային օդակայանի նախագահ Ֆատի Հասան յայտնեց, որ օդակայանին աշխատանքը ժամեր ետք հարիւր առ հարիւր բնականոն կերպով վերսկսած է` աւելցնելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ նման կայքահէնութիւն կ՛արձանագրուի եւ անիկա վտանգաւոր կը նկատուի:

Հասան շեշտեց, որ հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ տակաւին դժուար է ըսել, թէ պատահած կայքահէնութիւնը ներքի՞ն է, թէ արտաքին:

Նշենք, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ այցելեց Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր ստուգեց գործող համակարգն ու տիրող կացութիւնը:

Մաուլաուիի ընկերակցեցան Ֆատի Հասան եւ օդակայանի ապահովութեան կառոյցի ներկայացուցիչներ:

Իր կատարած այցելութեան լոյսին տակ Մաուլաուի նշեց, որ ճամբորդական պայուսակները օդանաւ չեն փոխադրուիր առանց խուզարկուելու` աւելցնելով, որ հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է` կայքահէնութեան առումով:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ այդ հետաքննութիւնը պէտք է արդիւնք ունենայ, որովհետեւ հարցը ուղղակիօրէն կապուած է քաղաքացիական օդանաւորդութեան, քաղաքացիներուն եւ ամբողջ երկրին ապահովութեան:

Մաուլաուի հաստատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը կարիքը ունի կայքահէնութենէ պաշտպանուելու համակարգի մը` ապահովելու համար քաղաքացիական օդանաւորդութեան եւ ճամբորդներուն ապահովութիւնը:

 

Նախորդը

Կենսոլորտի Նախարարը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Պաապտայի, Ալէյի Եւ Շուֆի Երեսփոխաններուն Հետ

Յաջորդը

Միքաթի. «Դիւանագիտական Լուծումներ Կ՛որոնենք Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը Փոխելու»

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?