Հայկական Ս. Ծնունդին առիթով լիբանանցի անձնաւորութիւններ շնորհաւորեցին հայ համայնքը` անոր փոխանցելով իրենց բարեմաղթութիւնները եւ յուսալով, որ Ս. Ծնունդը ըլլայ առիթ յոյսի վերանորոգումին:
Նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն շնորհաւորեց հայ համայնքը` ընդգծելով, որ լիբանանահայութիւնը Լիբանան հայրենիքը հարստացուցած է իր մշակոյթով եւ քաղաքակրթութեամբ, որոնք արեւելեան աւանդներուն հիմնասիւներէն են:
«Լիբանանեան բազմազանութեան երանգներուն մէջ հայ համայնքին համարկումը եղաւ իւրայատուկ` պետութեան հասկացողութեան նկատմամբ հաւատարմութեան անոր յատկանիշով», շեշտեց Խազեն:
Ան հաստատեց, որ հայ համայնքին կարեւորութիւնը անոր ապրած պատմական տագնապներուն մէջ է, յատկապէս Ա. աշխարհամարտին ընթացքին, երբ աւելի քան մէկ միլիոն նահատակ ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած գողգոթայի ճամբուն վրայ: «Եւ որովհետեւ հայ ժողովուրդին լեղի փորձառութիւնը նման է Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ գտնուող Լիբանանի փորձառութեան, երբ երկրին ազատութեան ի խնդիր Կեդրոնական Պէյրութի մէջ լիբանանցի մտաւորականներ կախաղան բարձրացուեցան, ապա կրնանք ըսել, որ հայ նահատակներուն հոգիները եւ լիբանանցի նահատակները իրարու մէջ միաձուլուեցան` մարմնաւորելու համար ազատութեան առասպելը եւ աշխարհին փոխանցելու Լիբանանի պատգամ երկիր ըլլալու իրականութիւնը: Հայկական Ս. Ծնունդին առիթով կ՛ողջունենք բոլոր նահատակներուն յիշատակը` յուսալով, որ խաղաղութեան առաքեալին ծնունդով խաղաղութիւն տիրէ նաեւ Լիբանանի մէջ: Այս երկիրը, որ իր պատմութեան սկիզբէն ի վեր արժանի է խաղաղութեան եւ մնայուն կերպով կը գովերգէ զայն», շեշտեց Ուատիհ Խազեն:
Առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ հայկական Ս. Ծնունդին առիթով իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց հայ համայնքին` մաղթելով, որ այս առիթը ըլլայ այն ջահը, որ կը լուսաւորէ միասնականութեան եւ համերաշխութեան ուղին:
Երեսփոխան Զիատ Հաուաթ շնորհաւորեց լիբանանահայութիւնը` հայկական Ս. Ծնունդին առիթով: Հաուաթ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ հայ համայնքի զաւակներուն: Իբրեւ յոյսի զաւակներ կ՛աշխատինք եւ կը պայքարինք ուրիշին համար` ի խնդիր Լիբանանի վերածնունդին»:
Երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շնորհաւորեց հայ համայնքը` նշելով, որ հայ ժողովուրդը քրիստոնէութեան հետ երկար պատմութիւն ունի: «Հայ ժողովուրդը 301 թուականին քրիստոնէութիւնը ընդունած է իբրեւ պետական կրօն, եւ այդպիսով Հայաստանը դարձած է առաջին պետութիւնը, որ իբրեւ պաշտօնական կրօն ճանչցած է քրիստոնէութիւնը: Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ Լիբանանի հայ համայնքին, որուն զաւակները քաղաքացիութեան մէջ մեր գործակիցներն են: Կը մաղթենք, որ մեր միացեալ նպատակները իրականանան` Լիբանանը պահելով գերիշխան, կայուն եւ բարգաւաճ», նշեց Ապի Ռամիա:
Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն շնորհաւորեց Լիբանանի հայ համայնքը` կատարելով հետեւեալ գրառումը. «Սրտագին բարեմաղթութիւններ մեր հայ եղբայրներուն` մաղթելով, որ այս օրերը իրենց հետ բերեն խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում` բոլոր ժողովուրդներուն»:
Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներու նախագահ Թուֆիք Տապպուսի ջերմ բարեմաղթութիւններ յայտնեց լիբանանահայութեան եւ աշխարհի հայութեան:
Տապպուսիի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յոյս կը յայտնուի, որ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը դառնայ մարդկութեան փրկութիւնը` իրենց ցաւերէն եւ տառապանքներէն, ինչպէս նաեւ ըլլայ Լիբանանի փրկութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմէն:
Տապպուսի մաղթեց, որ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն տիրէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ արարած, ինչ ալ ըլլայ անոր կրօնն ու համայնքը, իրաւունք ունի խաղաղ եւ ապահով ապրելու, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ կեանքի առիթ ունենալու:
Երիտասարդ Լիբանանի կեդրոնական շարժումը շնորհաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ հայ համայնքի բոլոր հոգեւոր հայրերը` Ս. Ծնունդի տօնին առիթով:
Երիտասարդ Լիբանանի կեդրոնական շարժումը դրուատեց հայ ժողովուրդը` ընդգծելով, որ ան արժանի է յարգանքի` մէկ կողմէ ազգային իր ինքնութիւնն ու արմատները պահպանելու համար կատարած իր բոլոր զոհողութիւններուն, իսկ միւս կողմէ` Լիբանանի նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը պահպանելուն համար: