Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալեւի. «Կազայի Մէջ Կռուելէ Ետք, Պիտի Գիտնանք Ինչպէս Կռուիլ Լիբանանի Մէջ, Եթէ Անոր Կարիք Ունինք»

January 12, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի Կազայի մէջ իսրայէլացի զինուորներու առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ իսրայէլացի զինուորները պաշարուած Կազայի մէջ կատարածները զինք համոզած են, որ եթէ պէտք ըլլայ, անոնք կրնան լիբանանեան հողերուն վրայ կռուիլ:

«Կազայի մէջ կռուեցանք, ուստի գիտենք, եթէ պէտք ըլլայ, ատիկա ինչպէս ընել Լիբանանի մէջ», ըսաւ Հալեւի:

«Այստեղ (Կազայի մէջ, «Ա.») ձեր ըրածէն ետք, Լիբանանի մէջ չկայ գիւղ մը, չկայ ամրացուած շրջան մը, ուր չէք կրնար մուտք գործել եւ զայն քանդել: Ձեզ պէտք եղած տեղերը պիտի դնենք, եւ դուք այդտեղ պէտք եղածը պիտի ընէք», աւելցուց իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը:

Միւս կողմէ, «Ուաշինկթըն Փոսթ», մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատարներու խօսքերը, գրեց. «Իսրայէլի` Հըզպալլայի վրայ յարձակում գործելու վտանգը երբեք չչքացաւ»:

«Փոլիթիքօ» իր կարգին, յղում կատարելով պաշտօնատարներու, յայտնեց. «Պայտընի վարչակազմը աջակցեցաւ ծրագիրի մը, որ  սահմանէն Հըզպալլայի հեռացումը կ՛արտօնէ, սակայն բանակցութիւնները քանի մը օր առաջ դադրեցան»:

Պաշտօնատարները նաեւ յայտնած են. «Ամերիկեան հետախուզութեան մօտ Հըզպալլայի կողմէ Միջին Արեւելքի կամ Ամերիկայի մէջ ամերիկացիները թիրախաւորելու աճող վտանգի վերաբերեալ գնահատական կայ»:

«Ամերիկեան հետախուզութեան տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ Հըզպալլան ամերիկեան ուժեր կամ դիւանագէտներ թիրախաւորելու մասին կը մտածէ», աւելցուցած են պաշտօնատարները:

 

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Մտադիր Չէ Մշտապէս Բռնագրաւել Կազան Կամ Տեղահանել Անոր Բնակչութիւնը»

Յաջորդը

Հոքշթայն. «Մեր Պարտականութիւնն Է Հասնիլ Դիւանագիտական Լուծումի, Եւ Կը Հաւատանք, Որ Լիբանանցի Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Մագլցում»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.