Խաղաղապահ գործողութիւններու տնօրինման հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղական Ժան Փիեռ Լաքրուա երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակն ու զինուորական մագլցումները:
Լաքրուայի ընկերակցեցան նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարօ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Համտան:
Լաքրուա նշեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի նկատմամբ եւ ջանքեր ի գործ կը դնէ միջազգային ընտանիքին հետ գործելու` մեղմացնելու համար մագլցումները եւ յանգելու համար զինադուլի:
Լաքրուա մտավախութիւն յայտնեց շրջանին եւ Լիբանանի մէջ մագլցումներուն շարունակման առնչութեամբ:
Իր կարգին, Պըրրի դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն գործունէութիւնն ու ճիգերը` աւելցնելով, որ անոնք կը վկայեն իսրայէլեան բանակին կողմէ գործուող ամէնօրեայ զինուորական մագլցումներն ու քաղաքայինները, լրագրողները, հիւանդատար ինքնաշարժներ ու փրկարար աշխատանք տանող խումբերը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու իրականութիւնը, եւ որ Իսրայէլ միայն Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը չէ որ կը խախտէ, այլեւ` բախման բոլոր կանոնները:
Պըրրի Լաքրուայի ներկայացուց Գիտահետազօտական լիբանանեան ազգային խորհուրդին պատրաստած ուսումնասիրութիւնը, որ կը պարփակէ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառած վնասները` մարդկային եւ նիւթական, ինչպէս նաեւ անտառային այն տարածքները, որոնք հրկիզուած են միջազգային օրէնքով արգիլուած ֆոսֆորային ռումբերու գործածութեան պատճառով:
Վարչապետարանին Մէջ
Լաքրուա եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար նեժիպ Միքաթիի, որ հաստատեց, որ Լիբանան կայունութիւն կը ցանկայ եւ կոչ կ՛ուղղէ մնայուն խաղաղ լուծման յանգելու:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան պատրաստակամ է կատարելու բանակցութիւններ, որոնք հարաւային Լիբանանի մէջ երկարատեւ կայունութիւն կ՛երաշխաւորեն:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան նախանձախնդիր կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան, զինադուի համաձայնութեան եւ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
Իր կարգին, Լաքրուա կոչ ուղղեց բոլորին հանդարտեցնելու կացութիւնը` զօրակցելու լիբանանեան բանակին եւ շարունակելու բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը:
Պու Հապիպի Հետ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լաքրուան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ յայտնեց, որ Մազարեհ Շեպաան հիմնական է հարաւային Լիբանանի մէջ ամբողջական լուծման յանգելու իմաստով եւ կարելի չէ զայն զերծ կացուցել: «Լիբանանեան բանակը հիմնական գործընկեր է հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու, իսկ Կազայի պատերազմէն ետք, իսրայէլեան բանակին կողմէ բանակը 34 անգամ իսրայէլեան ռմբակոծումի թիրախ դարձնել կը նշանակէ խաղաղութեան ճիգերը սահմանափակել», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ իրենց համար կարեւոր է հարաւային Լիբանանի մէջ իրարանցումը կասեցնել` աւելցնելով, որ ըստ երեւոյթին այս իմաստով ամերիկեան նախաձեռնութիւն մը գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ անիկա պատերազմը կրնայ վերածել Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային հարցի գրեթէ վերջնական լուծման:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանան խաղաղութիւն կը ցանկայ` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը պէտք է լիբանանեան բռնագրաւուած բոլոր հողերէն նահանջէ:
Ան նշեց, որ Լաքրուայի հետ հանդիպումը եղած է դրական:
Եարզէի Մէջ
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ իր կարգին ընդունեց Լաքրուան, որուն ներկայութեան ան բարձր գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը:
«Լիբանան կառչած կը մնայ այդ ուժին եւ իր դերակատարութիւնը հիմնական կը նկատէ հարաւի մէջ կայունութիւնը վերահաստատելու առումով», ըսաւ Սլիմ:
Ան կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի Լիբանանի դէմ յարձակումներուն վերջ տայ եւ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն նահանջէ:
Լաքրուա հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները:


