Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի իրավիճակը փոխելու նպատակով դիւանագիտական լուծումներ կ՛որոնեն:
Ան նշեց, որ հաւանաբար դիւանագիտական այդ լուծումները ուղղակիօրէն առնչուած պիտի ըլլան Կազայի դէմ բռնարարքները կասեցնելու:
Միքաթի հաստատեց, որ պահանջուածը զինադուլի վերահաստատումն է եւ անոր գործադրութիւնը` հարաւային Լիբանանի կացութիւնը վերադարձնելով այն իրավիճակին, որ էր 1967-էն առաջ: «Պէտք է վերադարձնել նաեւ Մազարեհ Շեպաան, որ լիբանանեան գերիշխանութիւն կը վայելէր` նախքան անոր բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ուժերը պէտք է նահանջեն բռնագրաւեալ բոլոր հողերէն», ըսաւ ան:
Միքաթի նկատել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն այս շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանան` աւելցնելով, որ Հոքշթայնի հետ պիտի քննարկեն վերոնշեալ բոլոր հարցերը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լիբանան պատերազմի հաւանականութեան մասին մնայուն սպառնալիքներ կը ստանա՞յ, Միքաթի ըսաւ. «7 հոկտեմբեր 2023-էն սկսեալ մնայուն կերպով կ՛ընդգծենք, թէ մենք կայունութեան կը զօրակցինք եւ կոչ կ՛ուղղենք խաղաղ լուծման յանգելու, սակայն անոր դիմաց միջազգային պատուիրակներու կողմէ մեզի կը հասնին զգուշացումներ, թէ Լիբանանի մէջ քանդում կրնայ կատարուիլ եւ պատերազմ կրնայ բռնկիլ: Այդ պատուիրակներուն մնայուն կերպով հարց կու տամ, թէ արդեօք իրենք կը զօրակցի՞ն քանդումի գաղափարին եւ արդեօք Կազայի մէջ պատահածը ընդունելի՞ է»:
Միքաթի հաստատեց, որ իրեն այցելած միջազգային բոլոր պատուիրակներուն յայտնած է, թէ Լիբանան կը զօրակցի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ երկարատեւ կայունութեան հաստատումին:
«Մեզի հասնող սպառնալիքները կը թելադրեն, որ Հըզպալլա պէտք է հիւսիսային Լիթանի նահանջէ: Մինչդեռ այս հարցին քննարկումը պէտք է աւելի ամբողջական ըլլայ, այսինքն` այդ քայլը գործադրելու պարագային Իսրայէլ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն պէտք է հեռանայ եւ Լիբանանի դէմ իր ոտնձգութիւններուն վերջ տայ», ընդգծեց ան:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան միջազգային ընտանիքը պատասխանատու կը նկատէ իսրայէլեան բռնարարքներուն կասեցման` հաստատելով, որ Լիբանան խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կը պահանջէ:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան ակնարկող հարցումի մը` Միքաթի ըսաւ, որ այդ իմաստով միջազգային շարժում կայ, սակայն շրջանային իրադարձութիւնները իրենց կշիռը կը պարտադրեն այդ հարցին վրայ:
«Եթէ պատերազմը շարունակուի, ապա չեմ կարծեր, որ նախագահական ընտրութեան առումով զարգացում մը պիտի արձանագրուի: Լիբանանի զօրակցող հինգ պետութիւնները իրենց ստանձնած պարտականութեան տէրն են, եւ կը մաղթեմ, որ Կազայի մէջ զինադուլ յայտարարուի, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ երկրին ազգային ու սահմանադրական կեանքը կարգաւորել», ըսաւ ան:
Միքաթի նկատել տուաւ, որ Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան այցելութեան պիտի նախորդէ հնգակողմանի յանձնախումբին կողմէ առաջադրուելիք նախաձեռնութիւնը:


