Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան զոյգ պետերուն, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին եւ Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութեան հետ:
Պորել յայտնեց, որ ինք ուրախ է Լիբանան վերադարձով, որուն նպատակն է այս դժուար պայմաններուն ընթացքին Լիբանանի հանդէպ զօրակցութիւն ցուցաբերել:
Ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան համար շրջանին մէջ պատերազմի բռնկման հաւանականութեան կասեցումը առաջնահերթութիւն է: Ան նկատել տուաւ, որ իրենք կը միտին դիւանագիտական ջանքերով գործել, որպէսզի ի վերջոյ կարելի ըլլայ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ պատերազմին վերջ տալ եւ վերջնական խաղաղութեան յանգիլ:
Պորել հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու կարեւորութիւնը` հաստատելով անոնց տունդարձ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուած յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն` Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան խաղաղութիւն կը պահանջէ եւ ոչ թէ պատերազմ: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կայունութեան հաստատումը կը պահանջէ` աւելցնելով, որ այս իմաստով իրենք պէտք եղած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները կը կատարեն, որովհետեւ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ սանձազերծուելիք որեւէ ընդարձակ բախում ամբողջ շրջանը պիտի ուղղէ դէպի պատերազմ:
Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան: «Թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւնը նախ եւ առաջ կը պահանջէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն կասեցումը, ինչպէս նաեւ բռնագրաւուած լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացումը», ըսաւ Միքաթի` կոչ ուղղելով լուծելու նաեւ Պաղեստինեան հարցը` պաղեստինցի ժողովուրդին տալով անոր արդար իրաւունքները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի կառավարութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը` ընկերային, տնտեսական եւ վարչական բարեկարգումներուն առումով:
Նշենք, որ Պորել-Միքաթի հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Միքաթիի խորհրդական Նիքոլա Նահհաս, դեսպան Պութրոս Ասաքեր եւ Զիատ Միքաթի:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Պորելը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Պըրրի դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն դերակատարութիւնը` հաստատելով, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր այդ երկիրներու խաղաղապահ զօրամասերը կը վկայեն Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:
Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` աւելցնելով, որ այդ բանաձեւին գործադրութիւնը կը սկսի Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն կասեցումով, ինչպէս նաեւ բռնագրաւուած լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացումով:
Ներքին լիբանանեան առումով Պըրրի հաստատեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ինք պատրաստ է Լիբանանի յատուկ հնգեակին հետ գործակցելու` նախագահական ընտրութիւնը իրականացնելու նպատակով:
Պորել մտահոգութիւն յայտնեց Կազայի դէմ պատերազմի շարունակման առումով` հաստատելով, որ ինք յանձնառու կը մնայ, որ այդ պատերազմը դէպի հարաւային Լիբանան չընդարձակուի:
Պորել մտավախութիւն յայտնեց պատերազմը ընդարձակելու իսրայէլեան ախորժակներէն` աւելցնելով, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել, որ Կազայի դէմ պատերազմը կանգ առնէ, «որովհետեւ անիկա հիմնական է խաղաղութիւնը Լիբանանին վերադարձնելու, եւ անկէ ետք թիւ 1701 բանաձեւը իր բոլոր մանրամասնութիւններով գործադրելու աշխատանքը կը դիւրանայ», ըսաւ ան:
Պէտք է նշել, որ Պըրրի-Պորել հանդիպումը տեւեց մէկ ժամ տասը վայրկեան: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա տիւ Վալ:
Պորել այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պու Հապիպ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն համար խաղաղութեան հաստատումը շատ կարեւոր է` աւելցնելով, որ լիբանանցիները խաղաղութեան հաստատումին յանձնառու կը մնան:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ճիգ չի խնայեր պատերազմը կանխարգիլելու առումով, որովհետեւ նման պատերազմի բռնկումը իր աղէտալի հետեւանքները պիտի ունենայ շրջանային եւ միջազգային առումով:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ վայրագութեանց եւ զինուորական մագլցումներուն վերջ դնելու միակ երաշխիքը քաղաքական լուծումն է: Ան աւելցուց նաեւ, որ Պորելի հետ քննարկած է կարգ մը իսրայէլացի պատասխանատուներու կատարած յայտարարութիւններուն պատճառած վատ ազդեցութիւնը:
Պու Հապիպ ընդգծեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նշեց, որ Պորելի հետ քննարկած է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին նոր լուծումներու փնտռտուքին վերաբերող մանրամասնութիւններ: «Սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառած ճնշումը` Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, արդէն իսկ երեւակայութեան կարողութենէն անդին է, իսկ եթէ տեղահանուածներու թղթածրարը չլուծուի, ապա անիկա վտանգ պիտի սպառնայ Լիբանանի գոյութեան», շեշտեց ան:
Պորել իր կարգին յայտնեց, որ Իսրայէլ կատարած իր այցելութենէն ետք ինք կը գտնուի Պէյրութ այն պահուն, երբ հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական մագլցումները կը շարունակուին: «Կը հաւատանք, որ պատերազմի կանխարգիլումը կարելի է եւ պէտք է կանխարգիլել զայն: Դիւանագիտութիւնը կրնայ ինքզինք պարտադրել` աւելի լաւ լուծման մը յանգելու ի խնդիր», ըսաւ ան:
Պորել հաստատեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել, որպէսզի պատերազմը Լիբանանէն եւ Միջին Արեւելքէն հեռու մնայ:
Պորել հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութեան հետ` նախագահութեամբ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
«Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը Պորելին յայտնած է, որ Լիբանանի թղթածրարն ու հարաւային Լիբանանի բախումները քննարկումի առարկայ չեն, նախքան` Կազայի դէմ պատերազմի կասեցումը:
Պորել այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Քննարկուեցան շրջանային եւ լիբանանեան իրադարձութիւններն ու հարաւային Լիբանանի զարգացումները: