Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կենսոլորտի Նախարարը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Պաապտայի, Ալէյի Եւ Շուֆի Երեսփոխաններուն Հետ

January 10, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին հանդիպում մը ունեցաւ Պաապտայի, Ալէյի եւ Շուֆի երեսփոխաններուն հետ` կանխարգիլելու համար աղբի հաւաքման վերաբերող նոր տագնապ մը` նկատի ունենալով Հարաւային արուարձաններու քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութեան կողմէ Քոսթա Պրաւայի աղբանոցը փակելու իմաստով տրուելիք ազդանշանը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան կենսոլորտային հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպ, Ալի Ամմար, Ալեն Աուն, Ֆատի Ալամէ, Մարք Տաու, Նազիհ Մաթթա, Իհապ Համատէ, Ամալ շարժումի քաղաքապետական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Պասսամ Թլայս, Վերանորոգումի եւ բարգաւաճման խորհուրդի փոխնախագահ Իպրահիմ Շահրուր, Հարաւային արուարձաններու քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Տըրղամ, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի եւ կենսոլորտի նախարարութեան պատասխանատուներ եւ խորհրդականներ:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Նասեր Եասին յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է արդիւնաբեր` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին տիրական եղած է փոխադարձ գործակցութեան մթնոլորտը:

Եասին նկատել տուաւ, որ փողոցը աղբերով լեցուելու տագնապը կանխարգիլած են Քոսթա Պրաւայի աղբանոցը բաց պահելով:

Եասին աւելցուց նաեւ, որ կազմած են սեղմ յանձնախումբ մը, որ պիտի հետեւի այս թղթածրարին` դիտել տալով, որ աշխատանք կը տարուի մնայուն լուծում գտնելու` աղբանոցը փակելու եւ այդ շրջաններուն մէջ աղբի հաւաքման ուղղութեամբ:

Հանդիպումէն ետք Համատէ յոյս յայտնեց, որ 15 օր ետք զարգացում մը արձանագրուի` յանձնախումբին կատարելիք աշխատանքին առումով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ելեկտրոնային Պաստառներուն Դէմ Կայքահէնութեան Վտանգաւոր Դէպք Մը Արձանագրուեցաւ

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.