Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Կը Գտնուինք Բռնագրաւուած Բոլոր Հողերը Ազատագրելու Պատմական Առիթի Մը Դիմաց»

Յունուար 9, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին երեսփոխան, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի գործադիր խորհրդական Մոհամետ Եաղիի մահուան յիշատակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին, սէյիտ Նասրալլա 5 յունուար 2024-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ողջունեց ժիհատի ճամբուն վրայ ինկած բոլոր նահատակները:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Եաղիի յատկանիշներուն եւ գործունէութեան` ընդգծելով, որ իրենց բարեկամութիւնը 1978-էն սկսած է, եւ աւելցնելով, որ Եաղիի համար ներշնչման աղբիւր էր իմամ Մուսա Սատըրը:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ 8 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր Իսրայէլի դէմ սկսած զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին ռմբակոծումի թիրախ դարձած են մեծ թիւով իսրայէլեան բնակեցման վայրեր: «Դիմադրութիւնը կատարած է աւելի քան 670 զինուորական գործողութիւն, հրթիռակոծած է 48 իսրայէլեան զինուորական դիրք, 11 թիկունքային խարիսխ, 50 սահմանային համակարգ եւ 17 բնակեցման վայր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք իսրայէլեան դիրքերուն վրայ գտնուող աշտարակները չէ որ կը հարուածեն, այլ` աշտարակներուն վրայ գտնուող սարքերը, որոնք միլիոնաւոր տոլարի արժողութեամբ գերարդիական սարքաւորումներ են:

Ան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը քանդած է նաեւ մեծ թիւով հրասայլեր: «Մենք ունինք փաստեր մեր պատճառած վնասներուն մասին, ըլլան անոնք նիւթական թէ մարդկային, սակայն թշնամի Իսրայէլ իր զոհերուն եւ վիրաւորներուն մասին ճիշդ թիւեր չի յայտարարեր: Թշնամիի զոհերուն թիւը իր յայտարարած թիւին եռապատիկն է, իսկ վիրաւորներուն թիւը շուրջ 2000 է, որոնց մեծ մասը անյոյս պարագաներ են», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Դիմադրութիւնը հիմնականին մէջ թիրախ կը դարձնէ զինուորական դիրքերն ու զինուորներու համախմբումները` նկատել տալով, որ Հըզպալլայի մարտիկները հազուագիւտ կերպով իսրայէլացիներու բնակարաններ ռմբակոծած են, «եւ այդ քայլին դիմած են այն ժամանակ միայն, երբ Իսրայէլ լիբանանցի քաղաքայիններ հարուածած է ու սպաննած», ըսաւ ան:

Ան վերահաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի ճակատներուն նպատակն է ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան կասեցնէ Կազայի դէմ պատերազմը:

Սէյիտ Նասրալլա ակնարկելով կարգ մը լիբանանցիներու հաստատեց, որ անոնք կա՛մ չեն գիտեր, կամ անգէտ կը ձեւանան` նկատել տալով, որ 1948-էն ի վեր Լիբանանի դէմ յարձակողը եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործողը Իսրայէլն է, «հետեւաբար Դիմադրութեան ուղղուած կոչերը` բախումներուն վերջ տալու առումով, սխալ հասցէի ուղղուած են: Պէտք է կոչ ուղղել Իսրայէլի` Կազայի դէմ պատերազմը կասեցնելու: Մենք կը գտնուինք բռնագրաւուած բոլոր հողերը ազատագրելու պատմական առիթի մը դիմաց», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով Համասի ղեկավարներէն Սալեհ Արուրին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ թիրախ դարձնելու իսրայէլեան արարքին` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ անոր պատասխանը անպայմանօրէն պիտի տրուի` աւելցնելով, որ մարտի դաշտը կ՛որոշէ պատասխանին ձեւն ու ժամը: «Նման վտանգաւոր գործողութեան մը դիմաց անկարելի է լուռ մնալ», նշեց ան:

Իր խօսքը եզրակացնելով` սէյիտ Նասրալլա յաւելեալ կորով մաղթեց հարաւային սահմանագիծին վրայ խիստ պայմաններու ներքեւ պայքարող բոլոր մարտիկներուն` ընդգծելով, որ եթէ իր ենթարկուած ապահովական խիստ պայմանները չըլլային, ապա իր մաղթանքն էր իւրաքանչիւր նահատակի ընտանիքին կողքին կանգնիլ, անոնց ճակատները համբուրել եւ ցաւերը կիսել:

Նախորդը

Ռայի. «Պէտք Է Յանձնառու Մնալ Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան Եւ Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Զերծ Կացուցել Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Պատերազմէն»

Յաջորդը

Պորել. «Շրջանին Մէջ Պատերազմի Բռնկման Հաւանականութեան Կասեցումը Մեզի Համար Առաջնահերթութիւն Է»

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?