Լիբանանեան

Ռայի. «Պէտք Է Յանձնառու Մնալ Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան Եւ Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Զերծ Կացուցել Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Պատերազմէն»

Ռայի. «Պէտք Է Յանձնառու Մնալ Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան Եւ Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Զերծ Կացուցել Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Պատերազմէն»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ քրիստոնէութեան յատկանիշներէն հիմնականը խաղաղութիւնն է` աւելցնելով, որ այդ պատճառով է, որ եկեղեցին միշտ կը դատապարտէ պատերազմները եւ կոչ կ՛ուղղէ խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ տագնապները բանակցութեամբ եւ դիւանագիտական միջոցներով լուծելու: «Այս դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ կը հաստատենք, որ Լիբանանի կայունութիւնը ամրապնդուած է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պըզրի յայտնեց, որ Լիբանան դժուար եւ զգայուն պայմաններ կը դիմագրաւէ` ցաւ յայտնելով, որ բոլորը Լիբանանին խորհուրդ կու տան, մինչդեռ ոչ ոք Իսրայէլը յանցաւոր կը նկատէ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն մամլոյ սենտիքային որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 8 յունուար 2024-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 9 յունուար 2024-ին:

Արուրիի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Արուրիի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ Համասի ղեկավարներէն Սալեհ Արուրիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ Թարիք Ժտիտէի Իմամ Ալի մզկիթին մէջ: Թաղման արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի ներկայացուցիչ շէյխ Ամին Քըրտի: Հազարաւոր բազմութեան ներկայութեան կատարուած յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ յայտնեց, որ Պաղեստինն ու Լիբանանը այսօր հրաժեշտ կու տան բոլոր ճակատներուն վրայ ներկայ եղած եւ...

Սէյիտ Նասրալլա. «Ո՛վ Որ Մտածէ Մեզի Դէմ  Պատերազմ Յայտարարելու Մասին, Պիտի Զղջայ»

Սէյիտ Նասրալլա. «Ո՛վ Որ Մտածէ Մեզի Դէմ Պատերազմ Յայտարարելու Մասին, Պիտի Զղջայ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին պատկերասփռուած ճառ մը արտասանեց` Քասեմ Սուլէյմանիի եւ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի նահատակութեան Դ. տարելիցին առիթով: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ցաւակցութիւն յայտնեց եւ շնորհաւորեց Սուլէյմանիի եւ Մուհանտեսի նահատակութիւնը: Ան նաեւ Քարմանի մէջ երէկ ինկած իրանցի հարիւրաւոր նահատակներուն ցաւակցութիւն յայտնեց: Սէյիտ Նասրալլա Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները, յատկապէս` քրիստոնեաները: Ան ցաւակցութիւն...

Միքաթի Ապիատի Հետ Քննարկեց Քաղցկեղի  Դեղորայք Ապահովելու Միջոցները

Միքաթի Ապիատի Հետ Քննարկեց Քաղցկեղի Դեղորայք Ապահովելու Միջոցները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատը, որուն հետ քննարկեց քաղցկեղի եւ մահացու հիւանդութիւններու դեղորայք ապահովելու միջոցներն ու այդ իմաստով կատարուելիք պետական հատուցումները: Հանդիպումէն ետք Ապիատ յայտնեց, որ Միքաթիի, իր, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրիի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը` ամսական դրութեամբ հազար միլիառ լ. ոսկի տրամադրելու քաղցկեղի եւ...

Արուրիի Սպանութիւնը Կրնայ Աւելի Եւս  Բարդացնել Հարաւային Լիբանանի  Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Կացութիւնը

Արուրիի Սպանութիւնը Կրնայ Աւելի Եւս Բարդացնել Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Կացութիւնը

Հարաւային արուարձաններու Մշարրաֆիէ շրջանին մէջ պաղեստինցի ղեկավար Սալեհ Արուրիի սպանութիւնը արժանացաւ դատապարտումի հսկայ ալիքի մը, որուն շրջագիծին մէջ Հըզպալլա նախանցեալ օր ուշ գիշերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Արուրիի սպանութիւնը պատերազմի առանցքին մէջ արձանագրուած վտանգաւոր զարգացում մըն է եւ անոր պատասխանն ու պատիժը անպայմանօրէն պիտի տրուի: Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու...

Պըրրի Քննարկեց Ապահովական  Իրադարձութիւնները

Պըրրի Քննարկեց Ապահովական Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ շարունակուող բախումները: Պըրրիի այցելեց նախկին երեսփոխան Քարիմ Ռասի, ինչպէս նաեւ լրագրող Մունիր Ռապիհ, որ խորհրդարանի նախագահին յանձնեց իր երկու նոր հրատարակութիւնները:

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ.  Համասի Ղեկավարներէն Սալեհ Արուրի  Զոհ Գնաց Իսրայէլեան Ռմբակոծումի Մը

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ. Համասի Ղեկավարներէն Սալեհ Արուրի Զոհ Գնաց Իսրայէլեան Ռմբակոծումի Մը

Մինչ Պէյրութի հարաւային արուարձանները կը պատրաստուէին այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանելիք ճառը լսելու, 24 ժամ առաջ նոյն վայրը թատերաբեմ դարձաւ անարգ ոճիրի մը, որ գործուեցաւ Իսրայէլի կողմէ` սպաննելով պաղեստինցի ղեկավարներէն` Համասի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Սալեհ Արուրին: Արուրի, որ նաեւ պաղեստինեան «Քասսամ» փաղանգի հիմնադիրն է եւ 7 հոկտեմբեր 2023-ին գործադրուած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան հեղինակը, պահանջուած...

Նոր Տարուան Առիթով Երեսփոխան  Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Նոր Տարուան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Նոր տարուան առիթով ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Տարիները կ՛անցնին եւ փափաքը կը մնայ միեւնոյնը` հայրենիքը ապաքինի եւ անոր զաւակները ապրին առողջութեամբ, առանց մտահոգութեան: Շնորհաւո՛ր Նոր տարի»:

Իր Խօսքը Ուղղելով Ժահժահին`   Պըրրի. «Հարաւային Լիբանանէն Մէկ Մեթր  Իսկ Չենք Զիջիր` Պետական Բարձր Պաշտօններ  Ստանալու Փոխարէն»

Իր Խօսքը Ուղղելով Ժահժահին` Պըրրի. «Հարաւային Լիբանանէն Մէկ Մեթր Իսկ Չենք Զիջիր` Պետական Բարձր Պաշտօններ Ստանալու Փոխարէն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ այս փուլին ընթացքին ինք աւելի քան երբեք կառչած կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան: Ան հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակին կողքին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ներկայութիւնը անհրաժեշտ է, որովհետեւ անոնք ՄԱԿ-ի եւ միջազգային հասարակութեան վկան են` հարաւային սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի գործած բռնարարքներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան օդային, ծովային եւ ցամաքային սահմանները...

Իսրայէլ Բուռն Կերպով  Կը Ռմբակոծէ Հարաւային Լիբանանը

Իսրայէլ Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Հարաւային Լիբանանը

Նոր տարուան առաջին եւ երկրորդ օրերուն ընթացքին իսրայէլեան բանակը աւելի բուռն կերպով ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանը` պատճառ դառնալով սահմանագիծին վրայ ընթացող բախումներուն յաւելեալ բռնկումին: Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ ռմբակոծումները շարունակուեցան: Իսրայէլեան բանակը հրետակոծեց Պընթ Ժպէյլ, Մարուն Ռաս, Թէյր Հարֆա, Ժըպպայն, Նաքուրա, Պթայշիէ, Տհայրա, Լապպունէ, Այն Զարքա, Պու Հրիսէի հովիտ, Ալմա Շաապ, Ռամիա, Սատտանէի բարձունքներ, Շեպաա, Քֆարշուպա, Եարուն, Համուլ հովիտ եւ Պլիտա...

Ռայի Պատրիարքը Մերժեց Լիբանանի Նախագահին  Ընտրութիւնը Ուղղակիօրէն  Կապել Կազայի Պատերազմի Աւարտին

Ռայի Պատրիարքը Մերժեց Լիբանանի Նախագահին Ընտրութիւնը Ուղղակիօրէն Կապել Կազայի Պատերազմի Աւարտին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր Պքերքէի մէջ պիտի նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մքերի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը շնորհաւորած է Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով` աւելցնելով, որ Լիբանան հսկայ տագնապներ կը դիմագրաւէ եւ ուղղակիօրէն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 9000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 9000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին եւ  պիւթակազին սակերը մնացած են անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.498.000...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Նոր տարուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 1 եւ երեքշաբթի, 2 յունուար 2024-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 3 յունուար 2024-ին:  

Իսրայէլի Եւ Դիմադրութեան Միջեւ  Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

Իսրայէլի Եւ Դիմադրութեան Միջեւ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

Լիբանանի Հարաւային սահմանագիծը կը մնայ վտանգաւոր կացութեան մէջ` ապակայունութեան մթնոլորտ սփռելով ամէնուրեք: Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ ռմբակոծումները կը շարունակուին: Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Մարժ, Հումին Թահթա, Իքլիմ Թուֆֆահ, Նաքուրա, Այն Զարքա, Մերժահիուն եւ Խարտալի շրջանները: Իսրայէլեան օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Պէյրութի, Լեռնալիբանանի, Քեսրուանի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Այթարունի մէջ ռմբակոծեց ինքնաշարժ մը` պատճառելով երկու վիրաւոր:...

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Թրիփոլիի Թալ եւ Թըպպանէ շրջաններուն մէջ ձերբակալած է տօնածառը հրկիզելու դէպքին մեղսակիցները: Բանակը անոնցմէ գրաւած է ձեռնառումբեր ու գնդացիրներ եւ զանոնք յանձնած է համապատասխան դատական ատեանին: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն հաստատեց, որ բանակը լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ ներխուժումներ կը...

Մաուլաուի Այցելեց  Կեդրոնական Պէյրութ

Մաուլաուի Այցելեց Կեդրոնական Պէյրութ

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց Կեդրոնական Պէյրութ` ընկերակցութեամբ Պէյրութի նահանգապետ, դատաւոր Մարուան Ապպուտի, Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մահմուտ Շքէյրի, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմասի, «Սալիտեր»-ի ներկայացուցիչ Միշլին Ապու Սամրայի եւ շարք մը այլ պատասխանատուներու: Մաուլաուի ստուգեց Կեդրոնական Պէյրութի վաճառատուներն ու ընթացող աշխատանքը` տարիներ շարունակ այդ շուկային փակ մնալէն ետք: Մաուլաուի շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները` շեշտելով, որ...

Համատէ. «Շիա Կը Նախատեսէ, Որ  Հոքշթայն  Յառաջիկայ Յունուարի Կիսուն Այցելէ Լիբանան»

Համատէ. «Շիա Կը Նախատեսէ, Որ Հոքշթայն Յառաջիկայ Յունուարի Կիսուն Այցելէ Լիբանան»

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին անդրադարձած է Լիբանանը յուզող տագնապներուն հանդէպ ամերիկեան տեսակէտներուն, յատկապէս` հարաւային Լիբանանի զարգացումներուն եւ ապահովական մագլցումներուն իմաստով: Համատէ նկատել տուաւ, որ Շիա կը նախատեսէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 5000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին եւ  պիւթակազին սակերը մնացած են անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.489.000...

Page 227 of 987 1 … 226 227 228 … 987

Արխիւներ