Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 4000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 4000 լ. ոսկիով, մազութին սակը` 11.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին...

Ռամատանի Առիթով Երեսփոխան  Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Ռամատանի Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ռամատանի առիթով ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Քարացած սրտերու եւ մտահոգ հոգիներու ժամանակաշրջանին... կը մաղթենք, որ այս օրհնեալ ամսուան ընթացքին խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն տիրէ ու կարենանք ապրիլ մարդկայնութեան ժամանակաշրջանը»:

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   Միւֆթի Տըրիան Միքաթիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Տար Ֆաթուայի Մէջ. Միւֆթի Տըրիան Միքաթիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ իր սովորութեան համաձայն ուղղուած է Տար Ֆաթուա` միւֆթի Տըրիանին փոխանցելու իր շնորհաւորութիւնները` ռամատանի առիթով: Ան մաղթեց, որ ռամատանի ամիսը ըլլայ բարի ու բարեբեր ամիս մը, որուն ընթացքին լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները փարատին: Միքաթի նշեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ...

Իսրայէլեան Թռուցիկներ`  Ուազզանիի Վերեւ

Իսրայէլեան Թռուցիկներ` Ուազզանիի Վերեւ

Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի Ուազզանի շրջանին վերեւ երէկ կէսօրին նետեց թռուցիկներ, որոնք կը կրէին հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Հարաւային Լիբանանի զաւակներ, Հըզպալլա վտանգի կ՛ենթարկէ ձեր եւ ձեր ընտանիքներուն կեանքերը, ինչպէս նաեւ բնակարանները` իր մարտիկները եւ զէնքի պահեստանոցները տեղադրելով ձեր բնակութեան վայրերուն մէջ: Տանդ շրջափակէն, ընտանիքիդ հաշուոյն, իսկապէս մեղք է»: Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի բոլոր շրջաններուն, Մազարեհ Շեպաայի, Հասպայայի,...

Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հետ  Մանսուրիի Հանդիպումները Դրական Են

Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հետ Մանսուրիի Հանդիպումները Դրական Են

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի անցեալ շաբաթավերջին մէկէ աւելի հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկեան պատուիրակութեան մը հետ, որ նախորդ օրերուն պաշտօնական այցելութեամբ մը եկած էր Պէյրութ: Կարգ մը լրատուամիջոցներ Մանսուրիի եւ ամերիկեան պատուիրակութեան միջեւ հանդիպումները նկատեցին ժխտական եւ հրատարակեցին վերլուծական կարգ մը յօդուածներ, որոնք կը յուշեն Լիբանանի մէջ ելեւմտական տագնապալի օրերու ուրուականին մասին: Նոյն յօդուածները անդրադարձան նաեւ Լիբանանէն Համասը ֆինանսաւորելու վերջ...

Պըրրի. «Անձամբ Պիտի Նախագահեմ  Երկխօսութեան, Որ Պիտի Կայանայ  Առանց Նախապայմանի»

Պըրրի. «Անձամբ Պիտի Նախագահեմ Երկխօսութեան, Որ Պիտի Կայանայ Առանց Նախապայմանի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նոյնիսկ երբ Ազգային չափաւորական պլոքին նախաձեռնութեան հիման վրայ պիտի կատարուի երկխօսութիւնը, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնն է, որ երկխօսութեան պիտի հրաւիրէ երեսփոխանական պլոքները: «Անձամբ պիտի նախագահեմ երկխօսութեան, որ պիտի կայանայ առանց նախապայմանի», ըսաւ Պըրրի` մաղթելով, որ կլոր սեղանի մը շուրջ հանդիպումն ու քննարկումը կը յանգի թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու եւ նախագահական ընտրութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան առումով ոմանք համայնքային մտավախութիւններ կը գրգռեն եւ համախոհութիւն գոյացնելու իմաստով դրական ոչ մէկ կեցուածք կը ներկայացնեն` դիւրացնելու համար նախագահական ընտրութիւնը: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի...

Խըրպըթ Սըլըմի Մէջ Չորս Քաղաքայիններ  Զոհ` Իսրայէլեան Ռմբակոծումի

Խըրպըթ Սըլըմի Մէջ Չորս Քաղաքայիններ Զոհ` Իսրայէլեան Ռմբակոծումի

Իսրայէլեան բանակին ռմբակոծումները ամբողջ շաբաթավերջին շարունակուեցան հարաւային սահմանագիծին վրայ եւ հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքներուն դէմ: Շաբաթ գիշեր ժամը 9:30-ին Խըրպըթ Սըլըմի մէջ ընտանիքի մը չորս անդամները զոհուեցան իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով: Այդ ընտանիքը Պլիտա գիւղաքաղաքէն տեղահանուած էր` աւելի ապահով վայր մը փնտռելով: Խըրպըթ Սըլըմի դէմ ռմբակոծումը պատճառեց նաեւ 9 վիրաւորներ, որոնք փոխադրուեցան Թըպնինի կառավարական հիւանդանոցը: Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի...

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Տագնապը  Կարելի Պիտի Ըլլայ Լուծել Երկխօսութեամբ  Եւ Խորհրդակցութեամբ»

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Տագնապը Կարելի Պիտի Ըլլայ Լուծել Երկխօսութեամբ Եւ Խորհրդակցութեամբ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան տագնապի լուծման բնական առանցքը երկխօսութիւնն է եւ խորհրդակցութիւնը կամ քննարկումը` ի՛նչ խորագիրի տակ, որ ըլլայ ան: Պըրրի նշեց, որ այդ երկխօսութիւնը պէտք է ըլլայ նուազագոյնը մէկ օրուան եւ առաւելագոյնը մէկ շաբթուան համար, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահ մը ընտրելու առնչութեամբ համախոհութեան մը յանգիլ: «Այս է այն պարտադիր անցքը, որմէ պէտք...

Պու Հապիպ. «Պէտք Է Վերջ Տալ Պատերազմի  Ֆինանսաւորման Եւ Առիթ Տալ Դիւանագիտական  Լուծումներուն Գործադրութեան»

Պու Հապիպ. «Պէտք Է Վերջ Տալ Պատերազմի Ֆինանսաւորման Եւ Առիթ Տալ Դիւանագիտական Լուծումներուն Գործադրութեան»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորը եւ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա տիւ Վալը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ ըսաւ. «Մենք պիտի շարունակենք հարաւային սահմանագիծին մագլցումները մեղմացնելու մեր ջանքերը եւ այս իմաստով կ՛ողջունենք բոլոր նախաձեռնութիւնները»: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի եւ շրջանի կայունութեան բանալին...

Պասիլ. «Շարք Մը Վտանգներ  Կը Սպառնան Լիբանանին»

Պասիլ. «Շարք Մը Վտանգներ Կը Սպառնան Լիբանանին»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ճակատներու միութեան մասին իրենց կեցուածքը նոր չէ` աւելցնելով, որ իրենք միշտ կը մերժեն արաբական երկիրներու հարցերուն միջամուխ դառնալ: Պասիլ նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա կը յարգէ բախման կանոնները եւ ինքնազսպումի կ՛ենթարկուի, «իսկ եթէ Իսրայէլ յարձակում սանձազերծէ, մենք Հըզպալլայի կողքին պիտի ըլլանք», ըսաւ ան: Պասիլ ընդգծեց, որ Հըզպալլայի պարտականութիւնը...

Փարիզի Մէջ.   Համիէ. «Նախագահական Ընտրութիւնը  Կը Կատարուի Լիբանանցիներուն Միջեւ  Երկխօսութեամբ»

Փարիզի Մէջ. Համիէ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Կը Կատարուի Լիբանանցիներուն Միջեւ Երկխօսութեամբ»

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ Փարիզի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ ֆրանսացի պատասխանատուներու հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած հիմնական նիւթը եղաւ Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցելու կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ, Համիէ Փարիզի լիբանանեան դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս առիթով Համիէ շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կը կատարուի լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեամբ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տրիան կոչ ուղղեց Լիբանանի ազգային շահերը գերադասելու: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան վտանգի ենթակայ է` նախագահական դատարկութեան փուլին պատճառով: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին ընթացքին շեշտեց, որ Ազգային չափաւորական պլոքին նախաձեռնութիւնն ու Լիբանանի յատուկ...

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի  Անդամ Դեսպանները Գումարեցին Նիստ Մը

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Անդամ Դեսպանները Գումարեցին Նիստ Մը

Քաթարեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի անդամ երկիրներուն դեսպանները` Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա եւ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի Լիբանանի քաթարեան դեսպանատան մէջ ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին վերահաստատած են նախագահական ընտրութիւն...

Թշնամի Իսրայէլ Կը Շարունակէ  Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանը

Թշնամի Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանը

Իսրայէլեան բանակը երէկ շարունակեն ռմբակոծել հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքները` պատճառելով վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Իսրայէլեան օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի բոլոր շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Հասպայայի, Իքլիմ Խարրուպի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Զահլէի վերեւ: Իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանիներով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի Պայտար, Մաժտալ Զուն, Պրաաշիթ, Թալուսա, Այթա Շաապ, Մըթրան բարձունք եւ Համամես շրջանները: Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան...

Պըրրի Մաուլաուիի Եւ Մանսուրիի Հետ  Քննարկեց Ապահովական  Եւ Ելեւմտական Կացութիւնը

Պըրրի Մաուլաուիի Եւ Մանսուրիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Եւ Ելեւմտական Կացութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական կացութեան վերաբերող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի շեշտեց, որ Պըրրիի հետ խօսած է երկրին ապահովութեան վերաբերող հարցերուն մասին: Պըրրիի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնակատար Ուասիմ Մանսուրի: Քննարկուեցան երկրին ելեւմտական կացութեան վերաբերող հարցեր: Միւս կողմէ, Պըրրի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 1000 լ. ոսկիով, մազութին սակը` 23.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Զօր. Միշել Աունի

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Զօր. Միշել Աունի

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխաններ Ալի Ամմար ու Հասան Ֆատլալլա, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի եւ զօր. Աունի միջեւ կապը մնայուն է, որ նախապէս չէ խզուած եւ երբեք պիտի չխզուի: «Այդ կապը...

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ  Բախումները Կը Շարունակուին

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին

Թէեւ Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմի կասեցման հաւանականութեան մասին լուրեր շրջանառութեան մէջ են, սակայն այդ պատերազմը կը շարունակուի, եւ ինքնաբերաբար հարաւային սահմանագիծի բախումները կը շարունակուին` Կազային զօրակցութեան հասնիլ խոստացած Դիմադրութեան կողմէ զինուորական գործողութիւններով եւ թշնամի Իսրայէլի բռնարարքներուն պատասխանելու յանձնառութեամբ: Հարաւային Լիբանանի Տհայրա շրջանին մէջ երէկ առաւօտեան քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը բացայայտեցին դիակ մը: Ան լիբանանցի քաղաքային Ռապիհ Եասինն էր: Ան զոհուած էր...

Սլիմ Շըրրիի Եւ Ֆայեատի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Սլիմ Շըրրիի Եւ Ֆայեատի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց երեսփոխաններ Ամին Շըրրին եւ Ալի Ֆայեատը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու քաղաքական զարգացումները: Միւս կողմէ, Սլիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ իր կատարած աշխատանքներուն ետին քաղաքական պատճառաբանութիւններ եւ ենթահողեր չկան: Սլիմ ընդգծեց, որ տարակարծութիւնը օրինական հարցերու պարագային է միայն` աւելցնելով, որ մէկ անգամէ աւելի ինք նախաձեռնած է սպայակոյտի...

Page 213 of 986 1 … 212 213 214 … 986

Արխիւներ