Լիբանանեան

Միքաթի Նախագահեց Ելեւմտական Տագնապի Հետեւանքներուն Լուծման Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

Միքաթի Նախագահեց Ելեւմտական Տագնապի Հետեւանքներուն Լուծման Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեւմտական տագնապի հետեւանքներուն լուծման նախարարական յանձնախումբի նիստին: Նիստէն ետք ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկած են «Աման» ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ այդ ծրագիրին գործադրութիւնը երկարաձգելու կարելիութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ 150 հազար քաղաքայիններու օժանդակել: Միքաթիի անջատաբար այցելեցին նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլաս եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար...

Ժոմպլաթ. «Ամերիկացիները Չեն Կրնար Լիբանանին  Զինադուլ Պարտադրել, Առանց 1949-ի  Զինադուլին Մասին Բանակցելու»

Ժոմպլաթ. «Ամերիկացիները Չեն Կրնար Լիբանանին Զինադուլ Պարտադրել, Առանց 1949-ի Զինադուլին Մասին Բանակցելու»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկացիները Կազայի մէջ զինադուլ կը պահաջեն, սակայն միաժամանակ ծովուն մէջ սննդեղէնի օժանդակութիւն կը նետեն: «Սա կը նշանակէ, թէ բանեցուած միջազգային ճնշումներուն կողքին պատերազմը կը շարունակուի, եւ կարելի չէ զինադուլ պարտադրել: Այդ պատճառով է, որ հզօր Միացեալ Նահանգները անկարող դուրս կու գան», ըսաւ ան: Անդրադառնալով Լիբանանին` Ժոմպլաթ շեշտեց նաեւ,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՏԱՐ Ֆաթուա յայտարարեց, որ ռամատանի առաջին օրը պիտի զուգադիպի երկուշաբթի, 11 մարտ 2024-ին: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս ընդգծեց, որ առանց երկխօսութեան լուծում չկայ եւ կարելի չէ Լիբանանի վերականգնումը ապահովել առանց իսկական հաշտութեան: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պետական գանձարկղի վարչութեան...

Հոքշթայնի Առաքելութեան Նկատմամբ  Լաւատեսութիւն Կը Տիրէ

Հոքշթայնի Առաքելութեան Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Կը Տիրէ

Ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի առաքելութեան յաջողութեան մասին հսկայ լաւատեսութիւն կը տիրէ, նկատի ունենալով մասնաւորաբար այն ջանքերը, որոնք ամերիկացիները կը թափեն` հարաւային սահմանագիծին վրայ բախումները կասեցնելու նպատակով: Կայ նաեւ լաւատեսութիւն, որ Հոքշթայն ծովային սահմանագծումի յաջող համաձայնութիւնը պիտի պարտադրէ նաեւ ցամաքային սահմանազատումին: Ամերիկեան վարչակազմին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ կայ նաեւ լաւատեսութիւն, որ Կազայի զինադուլը պիտի ազդէ լիբանանեան ճակատին վրայ տիրող իրավիճակին, եւ...

Միքաթի Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը  Քննարկեց Զօր. Լասարոյի Հետ

Միքաթի Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը Քննարկեց Զօր. Լասարոյի Հետ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը: Միքաթիի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժը` ներկայութեամբ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժինի տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէի եւ Միքաթիի...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ.  «Կը Մերժենք Լիբանանը Իսրայէլեան-Պաղեստինեան  Պատերազմին Մէջ Ներքաշել»

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Կը Մերժենք Լիբանանը Իսրայէլեան-Պաղեստինեան Պատերազմին Մէջ Ներքաշել»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ մարոնի եպիսկոպոսները կը գնահատեն այն շարժումը, որ կը կատարուի երեսփոխաններու եւ պլոքներու, ինչպէս նաեւ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերող անձնաւորութիւններու կողմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստերու ընթացքին  նախագահական ընտրութիւն կատարել:...

Փարիզի Մէջ.   «Պատերազմի Կասեցումը Առիթ Կու Տայ Շրջանին Մէջ  Ուժանիւթային Անվտանգութիւն Իրականացնելու  Ազդակները Բարձրացնելու»  Շեշտեց Ֆայեատ

Փարիզի Մէջ. «Պատերազմի Կասեցումը Առիթ Կու Տայ Շրջանին Մէջ Ուժանիւթային Անվտանգութիւն Իրականացնելու Ազդակները Բարձրացնելու» Շեշտեց Ֆայեատ

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ «Միջերկրականեան երկիրներուն մէջ ուժանիւթի վերածուելու կազի դերակատարութիւնը» անունը կրող խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին հաստատեց միջերկրականեան երկիրներուն մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ երկիրները ուժանիւթային երկիրներու վերածել` ամբողջացնելու համար միջազգային նպատակները: «Անկախ անկէ, որ Կազայի դէմ պատերազմը պէտք է կասեցուի մարդասիրական պատճառներով, նաեւ այդ պատերազմին կասեցումը առիթ...

Սամի Ժեմայէլ Տիտիէի Հետ Քննարկեց Շրջանային  Իրադարձութիւններն Ու Անոնց  Հետեւանքները Լիբանանի Վրայ

Սամի Ժեմայէլ Տիտիէի Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւններն Ու Անոնց Հետեւանքները Լիբանանի Վրայ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Պիքֆայայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ճեֆրի Տիտիէի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւններն ու անոնց հետեւանքները Լիբանանի վրայ: Հանդիպումին շեշտուեցան Լիբանանի դէմ պատերազմին վտանգները, ինչպէս նաեւ գերիշխան եւ բարեկարգումներ կատարելու պատրաստ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի երկրին քաղաքական կեանքը կազմակերպուի եւ կարգաւորուի: Այս շրջագիծին մէջ Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Հըզպալլա պատասխանատու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժ, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:...

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ  Թէժ Ռմբակոծումներ Եւ Զինուորական  Գործողութիւններ

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Թէժ Ռմբակոծումներ Եւ Զինուորական Գործողութիւններ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ երեկոյեան ժամը 7:15-ին հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններուն վերեւ գործեց թռիչքներ եւ ահ ու սարսափ պատճառեց բնակիչներուն` խզելով ձայնի պատը: Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը ամբողջ օրուան ընթացքին ռմբակոծեց Սուլթանիէ, Սըտտիքին, Հուլա, Թէյրհարֆա, Եարին, Աուիտա բարձունք, Իքլիմ Թուֆֆահ, Պըրժ Մուլուք, Խիամ, Մերժահիուն, Քաֆրա եւ Այթա Շաապ շրջանները: Երեկոյեան ժամը 5:45-ին իսրայէլեան ուժեր Հուլայի մէջ ռմբակոծեցին բնակարան մը` պատճառելով...

Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Նուիրուած Ուղեգիծի Մեկնարկ.   Մաուլաուի. «Կարելի Չէ Պէյրութը Իբրեւ Ցեղապաշտ Մայրաքաղաք Ամբաստանել»

Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Նուիրուած Ուղեգիծի Մեկնարկ. Մաուլաուի. «Կարելի Չէ Պէյրութը Իբրեւ Ցեղապաշտ Մայրաքաղաք Ամբաստանել»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւնը կազմակերպեց հաւաք մը, որուն ընթացքին մեկնարկը կատարուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներուն օրինական կարգավիճակն ու անոնց տունդարձը  կազմակերպելու ուղեգիծին: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հաստատեց, որ Լիբանանի գոյութիւնը սպառնալիքի տակ չէ, որովհետեւ ան պիտի մնայ եւ արդէն իսկ բոլորիս հոգիներուն մէջ կայ: Մաուլաուի շեշտեց, որ իրենք կ՛առաջնորդուին...

Ֆատի Ալամէ Եւ Ապի Ռամիա Տիտիէի Հետ Քննարկեցին Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Ֆատի Ալամէ Եւ Ապի Ռամիա Տիտիէի Հետ Քննարկեցին Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ եւ Լիբանան-Ֆրանսա բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեցին Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ճեֆրի Տիտիէն: Ալամէ եւ Ապի Ռամիա Տիտիէի հետ քննարկեցին սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին ունենալիք ներդրումը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով: Հանդիպումը եղաւ նաեւ առիթ մը քննարկելու լիբանանեան եւ եւրոպական խորհրդարաններուն...

Պըրրի. «Ազգային Չափաւորական Պլոքին  Նախաձեռնութեան Նկատմամբ Դրական  Մօտեցում Ցուցաբերեցինք»

Պըրրի. «Ազգային Չափաւորական Պլոքին Նախաձեռնութեան Նկատմամբ Դրական Մօտեցում Ցուցաբերեցինք»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւններն ու օրէնսդրական շարք մը հարցեր: Պըրրիի այցելեց նաեւ Միջազգային կարմիր խաչի Միջին Արեւելքի պատասխանատու Ֆապրիզիօ Քարպոնին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու շրջանին մէջ Միջազգային կարմիր խաչի ծրագիրները: Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 6000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 6000 լ. ոսկիով, պիւթակազին սակը` 2000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը նուազած է 15.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան...

Պէյրութի Մէջ.   Հոքշթայն Կը Քննարկէ Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ  Զինուորական Գործողութիւնները Կասեցնելու  Դիւանագիտական Ճիգերը

Պէյրութի Մէջ. Հոքշթայն Կը Քննարկէ Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Զինուորական Գործողութիւնները Կասեցնելու Դիւանագիտական Ճիգերը

Ամերիկացի բանագնաց, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն երէկ կէսօրին հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ` քննարկելով հարաւային սահմանագիծին վրայ զինուորական գործողութիւնները կասեցնելու դիւանագիտական ճիգերը: Հոքշթայնի կատարած բոլոր հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն: Պէյրութ ժամանումէն անմիջապէս ետք Հոքշթայն ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:...

Հըզպալլա Կը Կանխարգիլէ Դէպի Լիբանան Իսրայէլեան Ցամաքային Ներթափանցում Մը

Հըզպալլա Կը Կանխարգիլէ Դէպի Լիբանան Իսրայէլեան Ցամաքային Ներթափանցում Մը

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ արձանագրուած բախումները` Հըզպալլայի եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ, շարունակուեցան նաեւ երէկ` ստանալով տարբեր թափ մը, որուն շրջագիծին մէջ իսրայէլեան ուժերուն մէկ խումբը դէպի Լիբանան ցամաքային ներթափանցում մը կատարեց: Իսրայէլեան բանակը ֆոսֆորային հրթիռներով ռմբակոծեց Այթա Շաապ, Քֆարքիլա, Պլիտա, Մերժահիուն, Ուազզանի, Նաքուրա, Տհայրա, Շիհին, Պայեատ հովիտ, Հուլա եւ Մարքապա շրջանները: Նշենք, որ Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ...

Քըրըմ. «Համացանցի Ապօրինի Ծառայութիւնը Զսպելով` Կրնանք Պետական Գանձարկղին 60 Միլիոն Տոլար Ապահովել»

Քըրըմ. «Համացանցի Ապօրինի Ծառայութիւնը Զսպելով` Կրնանք Պետական Գանձարկղին 60 Միլիոն Տոլար Ապահովել»

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին պատասխանատուութիւնը ինք կամ կառավարութիւնը չեն կրեր` աւելցնելով, որ կայ խորհրդարան մը, որ պէտք է իր պարտականութիւնը կատարէ եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրէ: Քըրըմ նկատել տուաւ, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն տրուած յաւելումները դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարներէն չէ, որ պիտի տրամադրուի, այլ` պիտի կեդրոնանայ գանձումներու վրայ:...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   Միւֆթի Տըրիան Տիապի Հետ Քննարկեց Լիբանանը Յուզող Հարցերը

Տար Ֆաթուայի Մէջ. Միւֆթի Տըրիան Տիապի Հետ Քննարկեց Լիբանանը Յուզող Հարցերը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը, յատկապէս քաղաքական տագնապին մանրամասնութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը` լիբանանեան համախոհութիւն գոյացնելու ընդմէջէն: Անոնք ընդգծեցին, որ Միջին Արեւելքի տագնապը պէտք է անջատել ներքին լիբանանեան տագնապէն` մաղթելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ զինադուլ մը հաստատելու ջանքերը կ՛իրականանան, որպէսզի կարելի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ի վերջոյ պիտի կարենայ թշնամիին արմուկը ոլորել եւ յաղթել անոր: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ առաջնահերթութիւնը այն է, որ արաբ ժողովուրդը իր բոլոր կարողութիւնները օգտագործէ կասեցնելու համար պաղեստինցիներուն եւ...

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ  Բախումները  Կը Շարունակուին, Իսկ Հոքշթայն  Պիտի Այցելէ Լիբանան

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ Բախումները Կը Շարունակուին, Իսկ Հոքշթայն Պիտի Այցելէ Լիբանան

Ամերիկացի բանագնաց, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն այսօր` երկուշաբթի, 4 մարտ 2024-ին, պիտի այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ` շարունակելու համար հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագիծը կայունացնելու խորհրդակցութիւնները: Կը նախատեսուի, որ Հոքշթայն նորութիւններ ունենայ` Պէյրութի եւ Թել Աւիւի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն ուղղութեամբ: Նշենք, որ Հոքշթայն անցեալ դեկտեմբերին այցելած էր Պէյրութ եւ քննարկած...

Page 214 of 986 1 … 213 214 215 … 986

Արխիւներ