Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլիմ Շըրրիի Եւ Ֆայեատի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

March 8, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց երեսփոխաններ Ամին Շըրրին եւ Ալի Ֆայեատը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու քաղաքական զարգացումները:

Միւս կողմէ, Սլիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ իր կատարած աշխատանքներուն ետին քաղաքական պատճառաբանութիւններ եւ ենթահողեր չկան:

Սլիմ ընդգծեց, որ տարակարծութիւնը օրինական հարցերու պարագային է միայն` աւելցնելով, որ մէկ անգամէ աւելի ինք նախաձեռնած է սպայակոյտի պետ նշանակելու: «Այդ նախաձեռնութիւններէն մէկը առաջադրուեցաւ նախքան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական նստաշրջանի աւարտը, եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին տեղեակ պահեցի, որ կառավարութիւնը ընթացիկ աշխատանքներու կառավարական կազմ է եւ իրաւունք չունի նշանակումներ կատարելու», ըսաւ ան:

Սլիմ աւելցուց, որ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը իրաւունք չունի սպայակոյտի պետ նշանակելու, եւ այդ արարքը պէտք չէ ինքզինք պարտադրէ, որովհետեւ անիկա պաշտպանութեան նախարարի իրաւասութեան շրջանցում է, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններու քանդում:

Սլիմ հաստատեց, որ «սպայակոյտի պետի նշանակումը հակասահմանադրական է եւ ապօրինի, եւ պիտի չարտօնեմ օրէնքի այս շրջանցումը, հետեւաբար անշեղ կը մնամ նշանակուած անհատը իբրեւ սպայակոյտի պետ չճանչնալու իմ կեցուածքէս»:

Սլիմ նկատել տուաւ, որ «եթէ լիբանանեան բանակի հրամանատարը փափաքի ճամբորդել, ապա ինձմէ արտօնութիւն պէտք է ստանայ»:

Նախորդը

Միքաթի Նախագահեց Ելեւմտական Տագնապի Հետեւանքներուն Լուծման Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

Յաջորդը

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.