Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տրիան կոչ ուղղեց Լիբանանի ազգային շահերը գերադասելու: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան վտանգի ենթակայ է` նախագահական դատարկութեան փուլին պատճառով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին ընթացքին շեշտեց, որ Ազգային չափաւորական պլոքին նախաձեռնութիւնն ու Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին ջանքերը դրական են` մաղթելով, որ անոնք կը յաջողին: Ան դարձեալ կոչ ուղղեց անմիջապէս ուղղուելու խորհրդարան եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը դատապարտեց Կազայի մէջ ընթացող ցեղասպանութիւնը եւ աշխարհէն պահանջեց կասեցնել զայն` միաժամանակ մաղթելով, որ Լիբանան այդ պատերազմին մէջ չներքաշուի եւ հարաւային Լիբանանը պաշտպանուի:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց ժողովուրդին հաշուետուութեան ենթարկելու իրենց ընտրած երեսփոխանները: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ կարիքը կայ պետական այրերու եւ ոչ թէ իշխանութիւն որսացողներու:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի այցելեց ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ալի Քատտուրի եւ շնորհաւորեց զայն իր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով: Մքերի դիտել տուաւ, որ Ազգային չափաւորական պլոքին նախաձեռնութիւնը մեծ արգելքներ կը դիմագրաւէ, եւ խորհրդարանը պիտի չկարենայ հանրապետութեան նախագահ ընտրել` բացի երկխօսութեամբ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթը, որուն հետ քննարկեց քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններն ու անոնց գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը: Հաուաթ ընդգծեց Ժունիէի մեքանիքի կեդրոնը վերաբանալու անհրաժեշտութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող շարք մը այլ հարցեր:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ ինք ոչ ոքի պիտի արտօնէ արգելակել ընկերային ծրագիրներուն առումով գործադրուած իսկական յառաջդիմութիւնը:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Հըզպալլա լուրջ եւ առարկայական որեւէ երկխօսութեան բաց է ու պատրաստ: Ան ընդգծեց նաեւ, որ թշնամի Իսրայէլի սպառնալիքները պատճառ պիտի չդառնան իրենց կեցուածքներուն փոփոխութեան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին Այթարունի մէջ դարմանատունի բացումին առիթով յայտնեց, որ իրենք Լիբանանը պիտի պաշտպանեն, ինչքան ալ զոհողութիւնները շատ ըլլան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ նախագահական ընտրութեան թեկնածու պարտադրել, «այլապէս` նախագահական դատարկութեան փուլը վերջ կը գտնէր», ըսաւ ան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը թշնամի Իսրայէլի հետ կը մղէ պատերազմ մը, որ համբերութեան եւ տոկալու կարիք ունի, «իսկ յաղթանակի ապահովումը ժամանակի հարց է միայն», նշեց ան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ Դիմադրութեան առանցքի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան եւ կը փափաքին զայն պարտադրել երկխօսութեան ընդմէջէն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ է բոլոր բեմագրութիւնները դիմակայելու` աւելցնելով, որ պատերազմին ծիրը ընդարձակելու ոչ մէկ հորիզոն կը նկատուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ, երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ լիբանանեան ներքին երկփեղկումը կը քաջալերէ թշնամին` երկարաձգելու Լիբանանի դէմ իր բռնարարքները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան տագնապը ոչ մէկ կապ ունի թշնամի Իսրայէլին դէմ Դիմադրութեան դերակատարութեան եւ հարաւային սահմանագիծին վրայ արձանագրուած զարգացումներուն հետ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ազգային ոեւէ անձնաւորութիւն պէտք է ինքզինք Դիմադրութեան կողքին նկատէ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ թշնամիները կը շահագործեն ներքին լիբանանեան տարակարծութիւնները` իրականացնելու համար այն, ինչ որ կը փափաքի Իսրայէլը, եւ ոչ թէ` ընդառաջելու Լիբանանի կամքին:

 

Նախորդը

Պայտըն. «Իսրայէլի Նկատմամբ Կարմիր Գիծ Չկայ, Զայն Երբեք Պիտի Չլքեմ Եւ Զայն Զէնքերէ Պիտի Չզրկեմ»

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ. Համիէ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Կը Կատարուի Լիբանանցիներուն Միջեւ Երկխօսութեամբ»

RelatedPosts

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը  Առանցքը Կազմեցին  Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն
Լիբանանեան

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն

September 25, 2026
ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ  Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ  Տարբեր Ղեկավարներու Հետ
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Տարբեր Ղեկավարներու Հետ

September 25, 2026
Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ  Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.