ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան առումով ոմանք համայնքային մտավախութիւններ կը գրգռեն եւ համախոհութիւն գոյացնելու իմաստով դրական ոչ մէկ կեցուածք կը ներկայացնեն` դիւրացնելու համար նախագահական ընտրութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու հարաւային Լիբանանի իրավիճակը: Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին ճիգերը` նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ծովուժը երէկ Թրիփոլիի ծովափէն ստացաւ լուր մը` նաւի մը ընկղմելու վտանգին մասին: Ծովուժին մէկ խմբակը փութաց օգնութեան եւ կրցաւ փրկել 20 սուրիացիներ, որոնք կը փորձէին ապօրինի կերպով գաղթել Լիբանանէն: Լիբանանեան ծովուժը Լիբանանի Կարմիր խաչին օժանդակութեամբ կրցաւ ապահով ծովափ հասցնել սուրիացի քաղաքացիները, որոնց մէջ կային նաեւ կիներ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ռամատանի առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` մաղթելով, որ ծոմապահութիւնը կ՛ըլլայ առիթ մը Լիբանանն ու անոր երեխաները Կազայի ժողովուրդին ապրած սեւ ճակատագիրէն հեռու պահելու:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Քըրնեթ Շեհուանի եւ Մազրաաթ Եաշուհի ելեկտրական հոսանքը միացնելու աշխատանքները պիտի սկսին այսօր` երեքշաբթի, 12 մարտ 2024-ին:
ԱԶԳԱՅԻՆ չափաւորական պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Սլէյման յայտնեց, որ պլոքին նախաձեռնութիւնը հանդարտ կ՛ընթանայ եւ անոր մեկնարկը ներքին լիբանանեան է: Սլէյման ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները պէտք է զիջումներ կատարեն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա զօրակցութիւն յայտնեց Ժամաա Իսլամիէին եւ հաստատեց, որ իրենց թշնամին մէկ է, ինչքան ալ ներքին իմաստով իրենք իրարմէ տարբերին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով եւրոպացի կարգ մը երեսփոխաններ սկսած են որոշ ըմբռնում ցուցաբերել Լիբանանի կեցուածքներուն հանդէպ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն վերադառնալու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան, որ կը մղէ փոխադարձ գործակցութեան եւ ազգային երկխօսութեան` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով: Մըրատ շեշտեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ամրապնդել երկրին գերիշխանութիւնը` ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն հանդիպելու, երկխօսութիւն կատարելու եւ մերժելու համայնքայնութիւնը: «Պէտք է փնտռենք հայրենիքին շահերը եւ իբրեւ ընդդիմութիւն եւ իշխանամէտներ` միասնականացնենք մեր կեցուածքը», յայտնեց ան:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն աշխատավարձը շատ աւելի է, քան` լիբանանցիին աշխատավարձը` աւելցնելով, որ հայրենիքի պաշտպանները սոված ու տառապալից կը մահանան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքայիններուն դէմ գործուած իսրայէլեան իւրաքանչիւր բռնարարք անպատասխան չէ մնացած ու պիտի չմնայ: Ան հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլի կողմէ պատերազմի թափի իւրաքանչիւր մագլցում պիտի արժանանայ Դիմադրութեան կողմէ մագլցումներու:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ռամատանի առիթով շնորհաւորութիւններ փոխանցեց լիբանանցիներուն: Ան մաղթեց, որ ծոմապահութեան օրերը ըլլան փլուզումէ դուրս գալու եւ ոտքի կանգնելու առիթ մը:


