Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Տագնապը Կարելի Պիտի Ըլլայ Լուծել Երկխօսութեամբ Եւ Խորհրդակցութեամբ»

March 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան տագնապի լուծման բնական առանցքը երկխօսութիւնն է եւ խորհրդակցութիւնը կամ քննարկումը` ի՛նչ խորագիրի տակ, որ ըլլայ ան:

Պըրրի նշեց, որ այդ երկխօսութիւնը պէտք է ըլլայ նուազագոյնը մէկ օրուան եւ առաւելագոյնը մէկ շաբթուան համար, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահ մը ընտրելու առնչութեամբ համախոհութեան մը յանգիլ:

«Այս է այն պարտադիր անցքը, որմէ պէտք է անցնիլ` հեռու մնալով յաւելաբանութիւններէ: Ապա անոր կը յաջորդէ խորհրդարանի դահլիճ ուղղուիլն ու նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստերու ընդմէջէն նախագահական ընտրութիւն կատարելը», շեշտեց Պըրրի:

Միւս կողմէ, ռամատանի առիթով Պըրրի իր շնորհաւորութիւնները ուղղեց լիբանանցիներուն ընդհանրապէս եւ իսլամներուն յատկապէս:

«Աստուծոյ նուիրուած այս բարիքի ամսուան ընթացքին մահիկը գետնի վրայ պիտի շօշափենք, նախքան` երկնային անոր երեւոյթը: Մահիկը գետնի վրայ պիտի շօշափենք հարաւային Լիբանանի սահմանագիծի բնակիչներուն եւ Կազայի հողերուն վրայ տոկացող կիներուն, երեխաներուն եւ ծերունիներուն աչքերուն ընդմէջէն», ըսաւ Պըրրի:

Ազգային Չափաւորական Պլոքը
Այցելեց Այն Թինէ

Նշենք, որ Պըրրի անցեալ շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային չափաւորական պլոքը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ուալիտ Պաարինի, Սաժիհ Աթիէ, Ահմետ Խէյր, Մոհամետ Սլէյման, Ահմետ Ռըսթոմ, Ապտել Ազիզ Սամատ եւ պլոքի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Հատի Հըպէյշ:

Հանդիպումէն ետք Պաարինի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են նախագահական ընտրութեան իրենց նախաձեռնութիւնը, եւ աւելցուց. «Մեր նախաձեռնութեան ձախողութեան վրայ գրաւ դնողներուն կ՛աւետենք, թէ անիկա կատարեալ զօրութեամբ յառաջ կ՛ընթանայ, եւ պլոքը պիտի ունենայ հանդիպումներու երկրորդ շարք մը, որ հաւանաբար լրատուամիջոցներէն հեռու կատարուի: Մեր նախաձեռնութիւնը յաջող է, եւ պիտի շարունակենք այդ ընթացքով»:

Պլոքը աւելի ուշ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ խորհրդարանի նախագահին հետ իր հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ:

ՊԸՐՐԻԻ այցելուներէն եղաւ նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Պէտք Է Վերջ Տալ Պատերազմի Ֆինանսաւորման Եւ Առիթ Տալ Դիւանագիտական Լուծումներուն Գործադրութեան»

Յաջորդը

Խըրպըթ Սըլըմի Մէջ Չորս Քաղաքայիններ Զոհ` Իսրայէլեան Ռմբակոծումի

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.