Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին

March 8, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թէեւ Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմի կասեցման հաւանականութեան մասին լուրեր շրջանառութեան մէջ են, սակայն այդ պատերազմը կը շարունակուի, եւ ինքնաբերաբար հարաւային սահմանագիծի բախումները կը շարունակուին` Կազային զօրակցութեան հասնիլ խոստացած Դիմադրութեան կողմէ զինուորական գործողութիւններով եւ թշնամի Իսրայէլի բռնարարքներուն պատասխանելու յանձնառութեամբ:

Հարաւային Լիբանանի Տհայրա շրջանին մէջ երէկ առաւօտեան քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը բացայայտեցին դիակ մը: Ան լիբանանցի քաղաքային Ռապիհ Եասինն էր:

Ան զոհուած էր գիշեր մը առաջ` իր բնակարանին դէմ գործուած իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը երէկ բռնագրաւուած լիբանանեան Ղաժար գիւղաքաղաքէն կրակ բացաւ Ուազզանիի մէջ գործող լիբանանցի հողագործներուն ուղղութեամբ` փորձելով զանոնք սարսափեցնել եւ արտերուն մէջ անոնց աշխատանքը արգիլել:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի բոլոր շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Հասպայայի, Իքլիմ Խարրուպի, Սայտայի, Սուրի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ:

Իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանիներով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջանները, ինչպէս` Տհայրա, Այթա Շաապ, Այթարուն եւ  Ըզզիէ հովիտ:

Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Լիման դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Զաաուրա դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցին դիրքին շրջակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն ու դիրքին վրայ գտնուող լրտեսական սարքերուն:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, իբրեւ պատասխան Տհայրայի մէջ քաղաքային մը սպաննելու իսրայէլեան բանակին գործած արարքին, Հըզպալլայի մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Աֆտուն բնակեցման վայրը:

Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Մթըլլէ բնակեցման վայրը եւ արձանագրեցին նիւթական ու մարդկային վնասներ: Այս գործողութիւնը պատասխան էր Այթարունի դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած ռմբակոծումներուն:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Ֆատի Մահմուտ Տաուի միացաւ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

 

Նախորդը

Սլիմ Շըրրիի Եւ Ֆայեատի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Զօր. Միշել Աունի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.