Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ իր սովորութեան համաձայն ուղղուած է Տար Ֆաթուա` միւֆթի Տըրիանին փոխանցելու իր շնորհաւորութիւնները` ռամատանի առիթով:
Ան մաղթեց, որ ռամատանի ամիսը ըլլայ բարի ու բարեբեր ամիս մը, որուն ընթացքին լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները փարատին:
Միքաթի նշեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ քննարկած է Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր հարցերը:
Պատասխանելով Լիբանանի դէմ իսրայէլեան լայնածաւալ յարձակումի մը հաւանականութեան ակնարկող հարցումին` Միքաթի ըսաւ. «Մենք հաղորդակցութիւնները կը շարունակենք պատկան բոլոր մարմիններուն հետ` տեղական թէ միջազգային մակարդակներու վրայ, որպէսզի պատերազմի հաւանականութիւնը Լիբանանէն հեռացնենք: Փա՛ռք մեր բոլոր նահատակներուն, եւ Աստուծոյ կամքով պատերազմը աւելի եւս պիտի չընդարձակուի»:
Նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կը կատարուի, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը անհրաժեշտ է պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւններու աշխատանքի կարգաւորման, ինչպէս նաեւ պահանջուած բարեկարգումներուն գործադրութեան համար:
Միքաթի նշեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը վերջնակէտը չէ, այլ սկիզբը` երկրին տագնապին լուծման եւ բարեկարգումներուն իրականացման:
Նշենք, որ Միքաթի շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս իսլամները` ռամատանի առիթով:
«Այս օրհնեալ ամսուան ընթացքին, վերստին կ՛աղօթենք առ Աստուած` պաշտպանելու Լիբանան հայրենիքը եւ զայն հեռու պահելու վտանգներէն, չարիքներէն ու պատերազմներէն, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ բոլորիս ճիգերը կը մէկտեղուին, որպէսզի շրջանցենք մեր դիմագրաւած այս դժուար փուլը», շեշտեց Միքաթի:
Միքաթիի Այցելուները
Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատը. քննարկուեցան վերջինիս` Ֆրանսա կատարած այցելութեան արդիւնքները: Ապիատ յայտնեց, որ Ֆրանսայի հետ 12 միացեալ ծրագիրներ կան, որոնք պիտի ստորագրուին` բարելաւելու համար Լիբանանի կառավարական հիւանդանոցներուն պատրաստուածութիւնը:
Ան նշեց, որ Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքը կարելի է ամփոփել հետեւեալ կերպով. «Ֆրանսա նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ անոր առողջապահութեան մարզին»:
Ապիատ յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող դժուար կացութիւնը եւ հարաւի հիւանդանոցներուն պատրաստուածութիւնը ներկայ պայմաններուն:
Միքաթիի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Նաժաթ Սալիպա – Աուն եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն:
Նշենք, որ Միքաթի հրապարակեց թիւ 4/2024 հրամանագիրը, որուն համաձայն` պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ կը մնան երկուշաբթի, 25 մարտ 2024-ին` Աւետման տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 29 մարտ 2024-ին` Աւագ ուրբաթ օրուան առիթով եւ երկուշաբթի, 1 ապրիլ 2024-ին` Ս. Զատկուան տօնին առիթով:


