Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի անցեալ շաբաթավերջին մէկէ աւելի հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկեան պատուիրակութեան մը հետ, որ նախորդ օրերուն պաշտօնական այցելութեամբ մը եկած էր Պէյրութ:
Կարգ մը լրատուամիջոցներ Մանսուրիի եւ ամերիկեան պատուիրակութեան միջեւ հանդիպումները նկատեցին ժխտական եւ հրատարակեցին վերլուծական կարգ մը յօդուածներ, որոնք կը յուշեն Լիբանանի մէջ ելեւմտական տագնապալի օրերու ուրուականին մասին: Նոյն յօդուածները անդրադարձան նաեւ Լիբանանէն Համասը ֆինանսաւորելու վերջ տալու ամերիկեան պատուիրակութեան թելադրանքներուն:
Բայց եւ այնպէս Կեդրոնական դրամատան մօտիկ աղբիւրներ ընդգծեցին, որ Լիբանան դէպի Պաղեստին նիւթական փոխանցումներ կատարող երկիր չէ` աւելցնելով, որ ամերիկեան պատուիրակութեան հետ Մանսուրիի հանդիպումները եղած են դրական:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ այդ հանդիպումները դրական են, որովհետեւ Կեդրոնական դրամատունը յանձնառու կը մնայ ելեւմտական միջազգային չափանիշներուն:


