Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Շարք Մը Վտանգներ Կը Սպառնան Լիբանանին»

March 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ճակատներու միութեան մասին իրենց կեցուածքը նոր չէ` աւելցնելով, որ իրենք միշտ կը մերժեն արաբական երկիրներու հարցերուն միջամուխ դառնալ:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա կը յարգէ բախման կանոնները եւ ինքնազսպումի կ՛ենթարկուի, «իսկ եթէ Իսրայէլ յարձակում սանձազերծէ, մենք Հըզպալլայի կողքին պիտի ըլլանք», ըսաւ ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ Հըզպալլայի պարտականութիւնը Լիբանանի պաշտպանութիւնն է` իսրայէլեան հաւանական որեւէ յարձակումէ, «իսկ Երուսաղէմի ազատագրումը պաղեստինցիներուն պատասխանատուութիւնն է», նշեց ան:

Պասիլ նշեց, որ ինք պատերազմին համաձայն կ՛ըլլայ, եթէ Մազարեհ Շեպաան պիտի ազատագրուի, կամ նաւթ ու կազ արտահանելու երաշխիքներ պիտի ստացուին, կամ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը երաշխաւորուի, «սակայն Լիբանան, այս փոքր երկիրը, արդէն իսկ թշուառ վիճակի մէջ եւ օրըստօրէ անոր կացութիւնը աւելի կը վատթարանայ` հարաւային Լիբանանի պատեազմին պատճառով», աւելցուց ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ անշուշտ ՏԱՀԵՇ-ով կառավարուող Սուրիա մը Լիբանանի շահերուն չի ծառայեր, «իսկ մենք, երբ Հըզպալլայի հետ մեր լաւագոյն յարաբերութիւններուն մէջ էինք, կոչ ուղղեցինք Լիբանանը զերծ կացուցելու այն տագնապներէն, որոնք կը վնասեն երկրին», շեշտեց ան:

Պասիլ հաստատեց լիբանանեան բանակը զինելու կարեւորութիւնը` պաշտպանութեան ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ: «Շարք մը վտանգներ կը սպառնան Լիբանանին: Կայ համագործակցութեան չքացման, տեղահանութեան, փլուզումի եւ տնտեսական տագնապի վտանգը, որովհետեւ անիկա ներքին լիբանանեան է: Նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ամէնէն աւելի կը ներկայացնէ քրիստոնեայ համայնքին ներկայութիւնը` իշխանութեան մէջ, սակայն կարելի չէ մեր վրայ նախագահ պարտադրել, եւ ոչ ոք պէտք է մեծամիտ ըլլայ եւ մեր որոշումին փափաքի տիրել: Եթէ մենք թեկնածու ունենանք, արդեօք բոլորը կ՛ուղղուի՞ն խորհրդարան` զայն ընտրելու նպատակով», հարց տուաւ Պասիլ:

Ան մերժեց նաեւ կառավարութեան տուած ինքնագլուխ որոշումները, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները իւրացնելը` աւելցնելով, որ պէտք է միասնական կեցուածքով ներկայանալ ազգային ծրագիրով, որ կը վայելէ Պքերքէի հովանաւորութիւնը:

Պասիլ նշեց, որ ինք կը զօրակցի Ազգային չափաւորական պլոքի նախաձեռնութեան` նկատել տալով, որ իր համոզումով` շիի երկեակը պատրաստ չէ նախագահական ընտրութեան նիստի մասնակցելու` առանց իմանալու անոր արդիւնքը: «Ոեւէ թեկնածու պէտք չէ ընդունի, որ իր թեկնածութիւնը պարտադրուի», եզրափակեց ան:

Միւս կողմէ, Պասիլ Պաթրունի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Թանի Ալ Թանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար` նախագահական ընտրութեան թղթածրարն ու Լիբանանի յատուկ հնգեակին ջանքերը այդ իմաստով:

Հանդիպումը եղաւ նաեւ առիթ մը` քննարկելու հարաւային Լիբանանի կացութիւնն ու շրջանային իրադարձութիւնները, ի մասնաւորի` Կազայի մէջ արձանագրուած մագլցումները:

 

 

Նախորդը

Փարիզի Մէջ. Համիէ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Կը Կատարուի Լիբանանցիներուն Միջեւ Երկխօսութեամբ»

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Պէտք Է Վերջ Տալ Պատերազմի Ֆինանսաւորման Եւ Առիթ Տալ Դիւանագիտական Լուծումներուն Գործադրութեան»

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.