Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխաններ Ալի Ամմար ու Հասան Ֆատլալլա, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի եւ զօր. Աունի միջեւ կապը մնայուն է, որ նախապէս չէ խզուած եւ երբեք պիտի չխզուի:
«Այդ կապը մտահոգութիւնները կը փարատէ եւ լիբանանցիներուն հոգեկան հանգստութիւն կու տայ` տարբեր շրջաններու մէջ եւ տարբեր համայնքներու մօտ, նկատի ունենալով լիբանանեան համերաշխութիւնը, համակեցութիւնն ու իսկական համագործակցութիւնը` ազգային հարցերու լուծման շուրջ», ըսաւ ան:
Ռաատ դիտել տուաւ, որ այս այցելութեան նպատակն է զօր. Աունին ներկայացնել գետնի վրայ պատերազմի մանրամասնութիւնները` կատարեալ թափանցիկութեամբ եւ առարկայականութեամբ, անկախ այս կամ այն ցեխարձակումէն:
Ռաատ նշեց, որ իրենք իրենց կարծիքը յայտնած են այն քայլերուն մասին, որոնք կրնան Կազայի դէմ ցեղասպանութիւն գործող սիոնական թշնամիին դէմ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել:
«Ահաւոր է անշուշտ այն իրականութիւնը, որ միջազգային գետնի վրայ լռութիւն արձանագրուած է, եւ մեծ պետութիւններ անյարմար նկատած են մարդկային պատասխանատուութիւն ստանձնել` մերժելով Կազայի մէջ իրենց վկայած վայրագութիւնը դադրեցնել», շեշտեց Ռաատ:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան մակարդակով պէտք է բոլորը բարի կամեցողութիւն ցուցաբերեն: «Մենք կը պնդենք, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ պէտք է պատասխանատու երկխօսութիւն կատարուի Լիբանանի մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիները տառապեցնող երկրին դիմագրաւած հիմնահարցերուն լուծումներ ապահովել», եզրափակեց ան:
Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Նիստ
Միւս կողմէ, երէկ Ռաատ նախագահեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պլոքը քննարկեց Ազգային չափաւորական պլոքին հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:
Ռաատ նշեց, որ իմացած է Ազգային չափաւորական պլոքին նախաձեռնութիւնը` նախագահական ընտրութիւնը կատարելու վերաբերեալ եւ խոստացած աւելի ուշ Հաւատարմութեան դիմադրութեան պլոքին կեցուածքը արտայայտել այդ նախաձեռնութեան մասին:
Հաւատարմութեան դիմադրութեան պլոքը շեշտեց նախագահական ընտրութեան առումով համախոհական ելքի մը յանգելու իր յանձնառութիւնը:
Միւս կողմէ, պլոքը կոչ ուղղեց աշխարհին ճնշում բանեցնելու սիոնական գոյացութեան վրայ, որպէսզի ան կասեցնէ մարդկութեան դէմ իր բռնարարքներն ու ոճիրները:
Պլոքը ողջունեց Լիբանանի Դիմադրութեան մարտիկներուն քաջութիւնը, հերոսական քայլերն ու զոհողութիւնները` շեշտելով անոնց ընտրանքներուն եւ վարուելակերպին ազդեցութիւնը: