ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 1000 լ. ոսկիով, մազութին սակը` 23.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.662.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.700.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.571.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 946.000 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Իպրահիմ Տահերը, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Սելիմ Սայեղը, որ շնորհաւորեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին կեցուածքը` նախագահական ընտրութեան եւ հարաւային սահմանագիծի իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:
ՇԻԻ համայնքի գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց, որ իսլամ ժողովուրդին ապագան եւ արժանապատուութիւնը ներկայացնող Դիմադրութիւնը արժանի է զօրակցութեան եւ մեծարանքի:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ արտերկրի լիբանանցիներու օրուան առիթով շնորհաւորեց արտերկրի լիբանանցիները` հաստատելով, որ Լիբանան հայրենիքը իր տագնապը պիտի դիմագրաւէ իր ժողովուրդին եւ արտերկրի լիբանանցիներուն շնորհիւ: Ան բարձր գնահատեց այն իրականութիւնը, որ արտերկրի լիբանանցիները մնայուն կերպով տէր կը կանգնին ազգային իրենց պատասխանատուութեան:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ նախարարութիւնը աւարտած է 30 միլիոն դրոշմաթուղթի տպագրութիւնը` աւելցնելով, որ անոնք կ՛ընդգրկեն 20.000 լ. ոսկի, 100.000 լ. ոսկի, 200.000 լ. ոսկի եւ 400.000 լ. ոսկի արժողութեամբ դրոշմաթուղթեր: Ան նշեց, որ այս դրոշմաթուղթերը, ինչպէս նաեւ 5000 լ. ոսկիի 10 միլիոն դրոշմաթուղթ, յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի տրամադրուին լիբանանեան շուկային:
ԿԻՆԵՐՈՒ միջազգային օրուան առիթով, կնոջ եւ մանկան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին յայտնեց, որ իրենց սիրտերն ու միտքերը կ՛ընկերակցին պայքարող իւրաքանչիւր կնոջ, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող լիբանանցի կնոջ ու պաղեստինցի կիներուն, որոնք այսօր կը խորհրդանշեն դարեր շարունակ միլիոնաւոր կիներու ապրած տառապանքը:
ԿԻՆԵՐՈՒ միջազգային օրուան առիթով, Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին ընդմէջէն շեշտեց, որ սեռային խտրութիւն չկատարելը մարտահրաւէր մըն է, որուն յանձնառու կը մնայ` լիբանանեան հասարակութեան զարգացումին ի խնդիր:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի չարտօնէ, որ թշնամի Իսրայէլը պատերազմի դաշտին վրայ իր կորսնցուցածը վերահաստատէ քաղաքական խաղերուն պատճառով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու միակն է, որ պատերազմ կը փափաքի` աւելցնելով, որ այդ պատերազմը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուելիք անդորրն ու պատերազմի օղակին չընդարձակուիլը փոխարինել քաղաքական շահերու փաթեթով մը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին նիստերը ցուցանիշ են, որ լիբանանեան հարցը տակաւին կը մնայ առաջնահերթութիւն:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանին` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի Կիներու միջազգային օրուան առիթով հաւատարմութիւն եւ երախտիք յայտնեց բոլոր լրատուամիջոցներուն մէջ գործող կիներուն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Կազային նեցուկ կանգնիլը կարելի չէ մասնատել Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին ցուցաբերուած զօրակցութենէն:


