Իսրայէլեան բանակին ռմբակոծումները ամբողջ շաբաթավերջին շարունակուեցան հարաւային սահմանագիծին վրայ եւ հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքներուն դէմ:
Շաբաթ գիշեր ժամը 9:30-ին Խըրպըթ Սըլըմի մէջ ընտանիքի մը չորս անդամները զոհուեցան իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով: Այդ ընտանիքը Պլիտա գիւղաքաղաքէն տեղահանուած էր` աւելի ապահով վայր մը փնտռելով:
Խըրպըթ Սըլըմի դէմ ռմբակոծումը պատճառեց նաեւ 9 վիրաւորներ, որոնք փոխադրուեցան Թըպնինի կառավարական հիւանդանոցը:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէ Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերէն եւ լիբանանեան բանակէն բաղկացած միացեալ շրջուն ջոկատ մը կրակոցի ենթարկուած է սահմանային Կապոյտ գիծին հարաւային կողմէն:
Թինընթի նշեց, որ կրակոցներուն պատճառով վնասուած է լիբանանեան բանակին պատկանող զինուորական մեքենայ մը: «Բարեբախտաբար վիրաւորներ չկան», ըսաւ ան:
Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի բոլոր շրջաններուն, Մազարեհ Շեպաայի, Հասպայայի, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի եւ Պաթրունի վերեւ:
Իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանիներով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի Խըրպըթ Սըլըմ, Այն, Քֆարքիլա, Տէյր Միմաս, Հորա, Ատայսէ, Նաքուրա, Լապպունէ, Ժապալ Օլամ, Ալմա Շաապ, Ռամիա, Այթա Շաապ, Պուսթան, Պլիտա, Մաժտալ Զուն, Քաֆրա, Հատպ, Տհայրա, Մէյսել Ժապալ, Հապպարիէ, Պրաաշիթ, Շեպաայի հովիտ, Քաունին եւ Թիրի շրջանները:
Դիմադրութեան մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պաղտատի դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին Հաունինի բերդին մօտակայքը` իսրայէլացի զինուորներուն շարքերուն մէջ արձանագրելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուց Քարանթինայի բարձունքներուն եւ Նըտըր լերան վրայ տեղակայուած իսրայէլացի զինուորները եւ ուղղակի հարուածներ արձանագրեց:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները իսրայէլեան շրջուն ջոկատ մը թիրախ դարձուցին, երբ ան մուտք պիտի գործէր Մալիքիէի դիրքը, եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցին դիրքին վրայ գտնուող լրտեսական սարքերուն:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին Ժապալ Ատիրի շրջակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Իբրեւ պատասխան Խըրպըթ Սըլըմի դէմ ռմբակոծումին եւ լիբանանցի քաղաքայիններու սպանութեան ու արձանագրուած վիրաւորներուն, Դիմադրութիւնը «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Մայրուն դիրքը:
Հըզպալլայի մարտիկները երկու անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Արարի դիրքը եւ հոն գտնուող հրասայլերն ու զինուորական սարքերը:
Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա եւ Ռամիա դիրքերը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մալիքիէ դիրքին վրայ գտնուող «Նմէյր» տիպի հրասայլ մը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան Ռատար դիրքը եւ հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:
Դիմադրութիւնը երէկ յետմիջօրէին «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեց իսրայէլեան Ռահեպ դիրքը եւ հոն հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները:
Իսկ երեկոյեան Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Մաալէյ Կոլան եւ Սըմմեքա դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Ժաաֆար Ալի Մարժի, Ալի Ժաաֆար Մարժի եւ Հասան Ժաաֆար Մարժի միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


