Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ Փարիզի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ ֆրանսացի պատասխանատուներու հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած հիմնական նիւթը եղաւ Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Համիէ Փարիզի լիբանանեան դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Այս առիթով Համիէ շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կը կատարուի լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեամբ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով ամէն տեսակի արտաքին ջանք, որ անկեղծ է եւ կ՛օժանդակէ այս թղթածրարի գործադրութեան:
Համիէ ընդգծեց, որ ինք միշտ կը կրկնէ, թէ Լիբանան անկարող կամ աղքատ երկիր մը չէ, այլ` երկիր մը, որ կրնայ ապաքինիլ` իր հանրային կառոյցներուն ծառայութիւնները բարելաւելով եւ բարգաւաճելով:
Համիէ հաստատեց, որ Լիբանան իր քաղաքացիներուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն ճիգերուն կարիքը ունի` կարենալ գոյատեւելու համար: Ան մաղթեց, որ արտերկրի լիբանանցիները մնայուն կերպով շարունակեն այցելել Լիբանան:
Համիէ ընդգծեց Լիբանանի եւ Լիբանանի բարգաւաճումը ցանկացող բոլոր երկիրներուն, յատկապէս` Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը: