Պէյրութի Մէջ. «Առանց Հանրապետութեան Նախագահի Լիբանան Բանակցութեան Սեղան Պիտի Չհրաւիրուի» Հաստատեց Սեժուրնէ
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ, որ նախանցեալ գիշեր միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Պէյրութ, երէկ առաւօտեան այցելեց Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու կեդրոնը: Նաքուրայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Սեժուրնէ յայտնեց, որ այսօր եթէ պահ մը ենթադրենք, որ Կազայի մէջ պատերազմ չկայ, ապա անկարելի է ըսել հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմ չկայ` վկայելով հարաւային Լիբանանի ստացած բոլոր հարուածները: Ֆրանսայի...




















