Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Ժիպէյլի պատասխանատու Փասքալ Սլէյմանի սպանութիւնը երկրին մէջ յառաջացուց ընդվզումի ալիք մը` տիրող ապահովական դիւրաբեկ կացութեան, ինչպէս նաեւ պետութեան չգոյութեան իրականութեան մթնոլորտին մէջ:
Քաղաքական շրջանակները դատապարտեցին Փասքալ Սլէյմանի սպանութիւնը` միաժամանակ ինքնազսպումի կոչ ուղղելով:
Լիբանանեան բանակը երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւններէն ստանձնած է Փասքալ Սլէյմանի դիակը եւ զայն պիտի փոխադրէ զինուորական կեդրոնական հիւանդանոց` դիազննութիւն կատարելու եւ անոր սպանութեան հետաքննութիւնը ամբողջացնելու համար:
Բանակը հաստատեց, որ աւելի ուշ անոր դիակը պիտի յանձնուի ընտանիքին:
Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Սուրիայէն ստանձնեց նաեւ Փասքալ Սլէյմանի ինքնաշարժը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը նախանցեալ գիշեր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ խոր կսկիծով եւ անվերջ ցասումով կը գուժեն իրենց ընկերոջ` Փասքալ Սլէյմանի նահատակութիւնը, եւ ապահովական ու դատական կառոյցներէն կը խնդրեն լուրջ եւ ընդարձակ հետաքննութիւն բանալ ձերբակալեալներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ քստմնելի այդ ոճիրին կապուած ճշմարտութիւնը բացայայտել:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը հաստատեց, որ ոճիրը գործելու իմաստով ցարդ նշուած պատճառները ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ, «հետեւաբար Փասքալ Սլէյմանի սպանութիւնը քաղաքական ոճիր է, մինչեւ հակառակը փաստուի», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Ժիպէյլի բնակչութեան, քաղաքապետարաններուն, կուսակցութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք առաջին իսկ վայրկեանէն դատապարտեցին ցաւալի պատահարը: «Կոչ կ՛ուղղենք հրապարակներուն վրայ գտնուող մեր բոլոր երիտասարդներուն եւ բարեկամներուն հեռանալու փողոցէն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այսօր Ֆիթրի տօնին առաջին օրն է», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց Սլէյմանի ընտանիքին` խոստանալով, որ անոր արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի:
Կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութեամբ ընդգծուեցաւ, որ Սլէյմանի սպանութեան հետաքննութիւնը պէտք է թափանցիկ ըլլայ, յստակ եւ բծախնդիր:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ մինչեւ հետաքննութեան արդիւնքներուն հրապարակումը, իրենք Սլէյմանի դէմ ոճիրը կը նկատեն քաղաքական ահաբեկում:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց Սլէյմանի դէմ գործուած քստմնելի ոճիրը եւ կոչ ուղղեց ինքնազսպումի, դիմելու իմաստուն քայլերու եւ զրպարտութիւններով եւ հակազդեցութիւններով չտարուելու:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխաններ Զիատ Հաուաթն ու Մըլհեմ Ռիաշին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունն ու Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը:
Ռայի պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց Փասքալ Սլէյմանի սպանութեան առիթով եւ կոչ ուղղեց հանդարտ մնալու եւ ինքնազսպումի, յատկապէս նկատի ունենալով քաղաքական եւ ապահովական առումով երկրին զգայուն եւ լարուած իրավիճակը:
Իր կարգին, Հաուաթ շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը փորձեն քրիստոնեայ փողոցը հանդարտ պահել` իրենց յոյսը դնելով դատական իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի քողազերծէ անարգ այս ոճիրին ծալքերը:
Իր կարգին, Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ Փասքալ Սլէյմանի ոճիրը նկատած են քաղաքական` աւելցնելով, որ իրենք կը զգուշացնեն բոլոր այն յայտարարութիւններէն, որոնք կը փորձեն այս հարցը ներկայացնել իբրեւ քրիստոնեաներու եւ շիիներու միջեւ պայքար:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ շեշտեց, որ Փասքալ Սլէյմանի թափած արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի եւ արդարութիւնը պիտի հաստատուի` ընթացող հետաքննութիւններուն լոյսին տակ:
Սլիմ խստիւ դատապարտեց Սլէյմանի դէմ գործուած անարգ ոճիրը եւ կոչ ուղղեց բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու:
Միւս կողմէ, Սլիմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ` հաստատելով, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը պիտի շարունակէ իր հետաքննութիւնը` բացայայտելու համար ոճիրին ճշմարտութիւնը:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ նախագահեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Փասքալ Սլէյմանի սպանութիւնը գործած են սուրիացիներ` աւելցնելով, որ այդ դէպքին առումով հետաքննութիւնը սկսած է առաջին իսկ վայրկեանէն, եւ ապահովական ու զինուորական բոլոր կառոյցները կը համագործակցին իրարու հետ:
Մաուլաուի նշեց, որ Սլէյմանի դէմ գործողութիւնը կատարելու համար օգտագործուած ինքնաշարժը օրեր առաջ Ռապիէէն գողցուած է:
«Լիբանան իր դիմագրաւած տագնապներէն աւելի չի կրնար հանդուրժել, յատկապէս չի կրնար հանդուրժել սադրանքները: Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք իմաստուն ըլլալու եւ վստահելու ապահովական կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն», ըսաւ ան` հաստատելով, որ իրենք հետաքննութիւնը պիտի շարունակեն մինչեւ ամբողջ ճշմարտութեան բացայայտումն ու յանցագործներուն դէմ արդար վճիռի արձակումը:
Մաուլաուի նշեց, որ լիբանանցիները պէտք է համբերատար ըլլան` նկատել տալով, որ Սլէյմանի սպանութեան ոճիրին շուրջ հետաքննութիւնը կը կատարուի թափանցիկութեամբ եւ արհեստավարժ կերպով:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն պահպանելու երկրին ապահովութիւնը:
«Լիբանանի մէջ սուրիացիներու ներկայութիւնը մերժելի է եւ անհանդուրժելի, եւ կը տեսնենք, որ կան մեծ թիւով ոճիրներ, որոնք կը գործուին սուրիացիներուն կողմէ, իսկ լիբանանեան բանտերուն մէջ սուրիացի ձերբակալեալներուն համեմատութիւնը հասած է 35 առ հարիւրի», շեշտեց ան:
Արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի հաստատեց, որ Փասքալ Սլէյմանի առեւանգումն ու անոր դէմ գործուած քստմնելի ոճիրը ոչ միայն Ժիպէյլն ու Քեսրուանը ցնցեց, այլ` ամբողջ Լիբանանը:
Ան շեշտեց, որ ինք անձամբ ընդհանուր դատախազութեան հետ կը հետեւի հետաքննութեան մանրամասնութիւններուն` ձերբակալելու եւ պատժելու համար այս ոճիրին մեղսակցող բոլոր յանցագործները:
Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովութիւն չկայ` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն յատուկ գաղթակայաններուն մէջ կան 20 հազար զինեալներ, որոնք զերօ ժամուն «կը կանչուին»: