Լիբանանեան պատերազմի սկզբնաւորման 49-րդ տարելիցին առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին հետեւեալ գրառումը կատարած է ընկերային ցանցերուն վրայ.
«Այս տարի Լիբանանեան պատերազմին տարելիցը կու գայ քաղաքական լարուածութիւններու մթնոլորտին մէջ մեզի յիշեցնելու, թէ պատերազմը ոչ մէկ օր լուծում եղած է տագնապներուն, այլ միջոց դարձած է խորացնելու ատելութիւնները եւ աւելցնելու, սրելու ճեղքը` հայրենիքի հատուածներուն միջեւ»:


