Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Մինչեւ 31 Մայիս 2025 Երկարաձգեց Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Խորհուրդներուն Պաշտօնավարութեան Նստաշրջանը

Ապրիլ 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, նախանցեալ օր խորհրդարանը գումարեց իր օրէնսդրական լիագումար նիստը` ներկայութեամբ կառավարութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստին ընթացքին խորհրդարանը քննարկեց երեսփոխան Ժիհատ Սամատի կողմէ առաջարկուած օրինագիծը, որուն հիման վրայ կ՛առաջարկուի քաղաքապետական եւ թաղապետական խորհուրդներուն պաշտօնավարութեան նստաշրջանը երկարաձգել մինչեւ 31 մայիս 2025, եւ վաւերացուց զայն` ներկայ երեսփոխաններուն մեծամասնութեան քուէներով:

Վարչապետարանին Մէջ

Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին նախագահեց ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի դէմ 200 օրէ ի վեր իսրայէլեան բռնարարքները կը շարունակուին` քանդելով հարաւը, գործելով կենսոլորտային սպանդներ, ինչպէս նաեւ պատճառելով յաւելեալ զոհեր ու վիրաւորներ:

«Այս իմաստով մենք բարձր կը գնահատենք Լիբանանի բարեկամներուն ջանքերը` ըլլան անոնք նախագահներ, թէ միջազգային հեղինակութիւններ, որոնք ճիգ կը թափեն լուծումներ գտնելու Լիբանանի համար», ըսաւ ան:

Միքաթի ընդգծեց, որ իբրեւ երկրի կառավարութիւն, իրենք հաւատքով կը գործեն` փափաքելով նախագահական ընտրութիւն կատարել, ինչպէս նաեւ կը շեշտեն, որ ազգային եւ սահմանադրական պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնուի ներկայ արտակարգ եւ դժուար պայմաններուն ընթացքին:

Միքաթի գնահատեց նաեւ բոլոր ճիգերը, որոնք ի գործ կը դրուին լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները յաջողցնելու համար:

«Այս իմաստով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի անդամ երկիրներուն անդամներուն, որոնք Լիբանանի նկատմամբ իրենց սիրոյն համար կը կատարեն այդ մէկը, բայց եւ այնպէս կը հաստատեմ, որ բոլորս հայրենասիրութեան նոյն մակարդակին վրայ պէտք է գտնուինք», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Միքաթի շեշտեց, որ այդ հարցին լուծում գտնելու ջանքերը նոր թափ ստացած են` դիտել տալով, որ Լիբանան զգուշ է մարդկային իրաւունքները յարգելու եւ անոր նպատակը ոչ ոք վտանգի ենթարկելն է, այլ` հայրենիքը պաշտպանել եւ օրէնքները գործադրել:

Միքաթի նշեց, որ Լիբանան այս թղթածրարը լուծելու առումով կը գործակցի միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հետ:

Միքաթի զգուշացուց Սուրիոյ մէջ ապահով վայրեր տակաւին չըլլալու պատճառով տեղահանուածները Լիբանան պահելէն եւ հարց տուաւ միջազգային հասարակութեան, որ արդեօք ան կը մտածէ Լիբանանը տեղահանուածներուն համար ապահով վայրի մը վերածելու, սակայն միաժամանակ զայն լիբանանցիներուն համար անապահով վայր մը դարձնելու մասի՞ն:

Ան յայտնեց, որ ինք այցելած է Փարիզ ու հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ եւ քննարկած հարաւային Լիբանանի կացութիւնը, սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, նախագահական ընտրութիւններն ու լիբանանեան բանակին օժանդակութիւնը: Ան ընդգծեց, որ մօտիկ ապագային բանակին օժանդակութեան յատուկ խորհրդաժողով մը պիտի ըլլայ` Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի հրաւէրով:

Հարաւային Լիբանանի իրավիճակին անդրադառնալով` Միքաթի նշեց, որ կայ ֆրանսական փաստաթուղթ մը, որ քննարկումի առարկայ էր, եւ Լիբանան իր պատասխանը տուած է այդ մասին` շեշտելով, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւէն բացի այլ յանձնառութիւն կը մերժէ:

Ան ընդգծեց Լիբանանի պատրաստակամութիւնը` թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իմաստով:

Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան պիւտճէին մէջ ներառել հարաւային Լիբանանի ծովեզերեայ մայրուղիի կառուցումը, իսկ բանակին տրուելիք 7 միլիոն տոլարի օժանդակութիւնը յետաձգեց յառաջիկայ շաբթուան:

Նիստէն մեկնումի պահուն, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ պետական մարզի պաշտօնէութեան եւ զինուորականներուն ամսական աշխատավարձի վճարումները պիտի կատարուին առանց ուշացումի:

Հարաւային Լիբանանի Զարգացումներ

Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ երէկ սահմանային բախումները շարունակուեցան:

Երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, իսրայէլեան բանակը անօդաչու թռչող սարքով ռմբակոծեց ինքնաշարժ մը, որ կը գտնուէր արեւմտեան Պեքաայի Մայտուն շրջանի ճամբուն վրայ:

Ռմբակոծումը պատճառեց երկու զոհ:

Նշենք, որ իսրայէլեան հրետանին եւ օդուժը նախանցեալ գիշեր բուռն կերպով ռմբակոծեցին Շեպաան` պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ:

 

Նախորդը

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարի Պաշտօնակատարին

Յաջորդը

Չիլիի Խորհրդարանը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?