Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին

Հարաւային Լիբանանի մէջ բախումները շարունակուեցան երէկ: Իսրայէլեան օդուժն ու հրետանին ռմբակոծեցին Ռամիա, Այթա Շաապ, Նաքուրա, Մարուն Ռաս, Պլիտա, Խիամ, Հուլա, Քֆարքիլա, Այթարուն, Ռըմէյշ, Ուատի Ասաֆիր, Մէյսել Ժապալ, Սնաուպար, Քֆարհամամ, Ռամիա, Պէյթ Լիֆ եւ Հըպպարիէ գիւղաքաղաքները: Միւս կողմէ, Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծած են իսրայէլեան Եաֆթահ զօրանոցը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցած` սպաննած ու վիրաւորած հոն գտնուող զինուորներու...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կը Նախաձեռնէ Շրջապտոյտի Մը` Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Մասին Իր Կեցուածքը Հաստատելու

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Ռաֆահի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն սպառնալիքներուն տակ, աւելի քան երբեք պէտք է ջանք թափել Լիբանանը զերծ կացուցելու Կազայի պատերազմէն, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը անջատելու տիրող արտաքին իրավիճակէն: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ համախմբումէն պատուիրակութիւն մը այցելած է արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար...

Սլիմ Ընդունեց Զօր. Աունը

Սլիմ Ընդունեց Զօր. Աունը

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց Եարզէի իր գրասենեակին մէջ երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որմէ շնորհաւորութիւններ ստացաւ Ս. Զատկուան տօնին առիթով: Հանդիպումը եղաւ նաեւ առիթ մը` քննարկելու լիբանանեան բանակին կարիքները, երկրին ապահովական կացութիւնն ու հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումները:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց նախկին նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարն ու հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն հարցը: Տար Ֆաթուայի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք, որ յայտնեց, թէ Պէյրութը ողբերգական վիճակի մէջ...

Նահատակաց Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Նահատակաց Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի Նահատակաց տօնին առիթով, ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Նահատակաց հրապարակին վրայ զետեղուած կախաղանները եւ հոն թափած անմեղ նահատակներու արիւնը կը մնան շարունակուող եւ ցայսօր գործադրուող ոճրագործութեան մեծագոյն փաստը: Արիւնը կը շարունակուի հեղուիլ, իսկ ոճրագործը կը մնայ անպատիժ»:

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Խորհրդակցական Նիստի Մը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Խորհրդակցական Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց խորհրդակցական նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով Լիբանանի տրամադրուած եւրոպական նուիրատուութեան մասին կեցուածքները: Խորհրդակցական նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 15 մայիս 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` հաստատելով, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու առումով Եւրոպական...

Իսրայէլեան Ռմբակոծումները Կը Պատճառեն 4 Քաղաքայիններու Սպանութիւնը, Իսկ Հըզպալլա Թիրախ Կը Դարձնէ Իսրայէլացի Սպաներ

Իսրայէլեան Ռմբակոծումները Կը Պատճառեն 4 Քաղաքայիններու Սպանութիւնը, Իսկ Հըզպալլա Թիրախ Կը Դարձնէ Իսրայէլացի Սպաներ

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ ընթացող բախումները բուռն կշռոյթով շարունակուեցան անցնող շաբթուան ընթացքին: Մէյսել Ժապալի մէջ շաբաթ երեկոյեան իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով սպաննուեցան 4 քաղաքայիններ, իսկ տասնեակ մը ուրիշներ վիրաւորուեցան: Անոնց յուղարկաւորութեան ընթացքին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը իրաւունք ունի պատասխանելու լիբանանցի իւրաքանչիւր քաղաքացի հարուածած ոճիրին դէմ: Շարունակուող բախումներուն շրջագիծին մէջ, իսրայէլեան օդուժն ու հրետանին երէկ ռմբակոծեցին Նաքուրա,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 17.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 17.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 38.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազինը` 15.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Յոյն ուղղափառ համայնքի Աւագ ուրբաթ օրուան եւ Ս. Զատկուան տօնին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ 4, երկուշաբթի, 6 եւ երեքշաբթի, 7 մայիս 2024-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 8 մայիս 2024-ին:

Պըրրի Ընդունեց Եւրոպական Յանձնաժողովի Եւ Կիպրոսի Նախագահները

Պըրրի Ընդունեց Եւրոպական Յանձնաժողովի Եւ Կիպրոսի Նախագահները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենը, Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսը եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Ներկայ էին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քոսթանիանոս Քոմպոս, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Թէոտոսիու, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տիւ Վալ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ, Պելիճքայի մէջ...

Միքաթի Հանդիպում Ունեցաւ Սլիմի Եւ Պու Հապիպի Հետ

Միքաթի Հանդիպում Ունեցաւ Սլիմի Եւ Պու Հապիպի Հետ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարի Մորիս Սլիմի եւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ: Քննարկուեցան ներկայ իրադարձութիւնները եւ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան գործունէութեան վերաբերող հարցեր:

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Աշխատաւորներու միջազգային տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 2 մայիս 2024-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 3 մայիս 2024-ին:

Հալապի. «Որոշեցինք Ջնջել Պրըվէի Պետական Քննութիւնը». Պշարա Խուրիի Շրջանին Մէջ Կազի Սպրդումի Պայթումը Պատճառեց 10 Զոհ

Հալապի. «Որոշեցինք Ջնջել Պրըվէի Պետական Քննութիւնը». Պշարա Խուրիի Շրջանին Մէջ Կազի Սպրդումի Պայթումը Պատճառեց 10 Զոհ

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ նախարարութիւնը որոշեց ջնջել պրըվէի պետական քննութիւնը եւ Թ. դասարանի աշակերտները յաջողած նկատել` դպրոցական նիշերուն համաձայն: Միւս կողմէ, Հալապի հաստատեց, որ նախարարութիւնը որոշած է պաքալորէայի պետական քննութիւնները կայացնել` առանց հարաւային Լիբանանի աշակերտները զերծ կացուցելու այդ քննութենէն: Ան շեշտեց, որ պետական քննութիւններուն թղթածրարը քաղաքական չէ, այլ` զուտ կրթական: Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ...

Սէյֆոյի Ջարդերու 109-Ամեակի Ոգեկոչում. Բագրատունի. «Կայ Միացեալ Պատմութիւն Եւ Միացեալ Կեանք»

Սէյֆոյի Ջարդերու 109-Ամեակի Ոգեկոչում. Բագրատունի. «Կայ Միացեալ Պատմութիւն Եւ Միացեալ Կեանք»

Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ասորիներու դէմ գործադրուած ջարդերուն` Սէյֆոյի 109-րդ յիշատակին առիթով Ասորիներու լիկային կողմէ կազմակերպուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին խօսքեր առին տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Նաժի Հայեք եւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ: «Առանց յիշողութեան ժողովուրդ մը...

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակ.  Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը  «Էմ. Թի. Վի.»-էն Կը Հաստատէ Պայքարը  Շարունակելու Վճռականութիւնը

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակ. Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը «Էմ. Թի. Վի.»-էն Կը Հաստատէ Պայքարը Շարունակելու Վճռականութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը (ԶՈՄ) դարձաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Սար էլ ուաքթ» քաղաքական յայտագիրին հիւրը, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ առաւ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնն ու անդրադարձաւ արցախահայութեան դէմ տակաւին անցեալ տարի գործուած ցեղասպանութեան` Արցախը ցեղային զտման ենթարկելու եւ արցախահայութիւնը բռնի տեղահանելու ճշմարտութեան: Այդ յայտագիրին ընդմէջէն զաւարեանականներ ընդգծեցին պայքարը շարունակելու իրենց վճռականութիւնը:...

Նաամաթ Աֆրամ Կը Յարգէ Մէկուկէս  Միլիոն Նահատակներուն Յիշատակը

Նաամաթ Աֆրամ Կը Յարգէ Մէկուկէս Միլիոն Նահատակներուն Յիշատակը

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով, երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, ուր  ծաղկեպսակ զետեղեց մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին եւ բարձր գնահատեց հայ որբերը խնամած` «Թռչնոց բոյն» որբանոցի հիմնադիր Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակը: Այս առիթով Նաամաթ Աֆրամ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի ոսկէ մատեանին մէջ գրեց, թէ ինք հիացած է այդ թանգարանով, որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը եւ անոր...

Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Առումով.  Միքաթի Նախագահեց ՄԱԿ-ի Եւ Լիբանանեան Պետութեան Միջեւ Գործակցութիւնը Քննարկելու Յատուկ Ժողովի Մը

Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Առումով. Միքաթի Նախագահեց ՄԱԿ-ի Եւ Լիբանանեան Պետութեան Միջեւ Գործակցութիւնը Քննարկելու Յատուկ Ժողովի Մը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի տեղակալ Օմրան Ռիզա, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու բաժինի պատասխանատու Էւա Ֆըրկիսըն եւ Միքաթիի խորհրդատու Զիատ Միքաթի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ...

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Շարունակուեցան

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Շարունակուեցան

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ երէկ բախումները շարունակուեցան: Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Այթա Շաապ, Խիամ, Ռաշայա Ֆըխխար, Քֆարհամամ, Թէյր Հարֆա, Շիհին, Ժըպպայն, Հասպայա, Ռիհան եւ Իքլիմ Թուֆֆահ շրջանները: Միւս կողմէ, Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Շթուլա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող շէնք մը, որ բնակուած էր իսրայէլացի զինուորներով: Դիմադրութեան մարտիկները աւելի քան 30 թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Ֆատի Մասրին, որուն հետ քննարկեց սենտիքային վերաբերող հարցեր: Պըրրիի այցելեցին նաեւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի նահանգապետ, դատաւոր Մոհամետ Մաքքաուի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդունեց տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան...

«Ոճիրին Նկատմամբ Լուռ Մնալը Ոճիրին  Մեղսակցիլ Է. Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանցիներուն  Մասնակցելու Ջահերթին»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Պէտք Է Զգուշանալ Շրջուն Ոճիրներէն Եւ Ի Վերջոյ Նստիլ Միջլիբանանեան Խորհրդակցութեան Սեղան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Լուպնան հըր» ռատիոկայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին քաղաքական տագնապին, նախագահական ընտրութեան անելին, սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններուն: Լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապին մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Կեդրոնական կոմիտէին նպատակն է քաղաքական ուժերուն միջեւ...

Page 206 of 986 1 … 205 206 207 … 986

Արխիւներ