Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 29, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ պէտք է պետական հաստատութիւններուն վերադարձնեն անոնց կեանքը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը Ծաղկազարդի տօնին առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները կ՛անտեսեն սահմանադրական գործընթացները եւ այդպիսով կը պատճառեն նորահաս սերունդներուն յուսալքումը` Լիբանանէն, եւ ի վերջոյ` արտագաղթը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Գահիրէի կողմէ ի գործ դրուած ճիգերը` կասեցնելու համար Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները: Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Մուսային` նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը յաջողցնելու իմաստով Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին թափած ջանքերուն համար: Միքաթիի այցելեց նաեւ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Անթուան Սալիպա. քննարկուեցաւ երկրին ապահովական իրավիճակը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձը այսօր պիտի փոխանցուի Կեդրոնական դրամատուն, որպէսզի անոնք կարենան առանց ուշացումի` ճիշդ օրին ստանալ իրենց աշխատավարձը:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի հաստատեց, որ երկրին ելեւմտական մարզը ամրապնդուած է` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանան կը գտնուի գոյութենական վտանգի դիմաց: Մանսուրի շեշտեց նաեւ, որ ինք պիտի չարտօնէ, որ Կեդրոնական դրամատան մէջ փտածութիւն գոյութիւն ունենայ: Ան ընդգծեց դրամատուներուն մէջ պահ դրուած քաղաքացիներուն գումարները, որոնք «անհետացած» էին` վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը, պայմանով որ սակայն այդ մասին օրէնք մը մշակուի եւ անոր հիման վրայ գործադրուի այդ քայլը:

ՄԵՀՐԱՊԻ մէջ տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքական հեղինակութիւններ ներկայ գտնուեցան «1701-ը` ի խնդիր Լիբանանի պաշտպանութեան» խորագիրը կրող ազգային զօրակցական հանդիպումի մը, որուն աւարտին հրապարակուեցաւ եզրափակիչ հաղորդագրութիւն մը: Հաղորդագրութեամբ կոչ կ՛ուղղուի գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը, լիբանանեան բանակը տեղակայելու հարաւային Լիբանանի մէջ եւ բանակէն բացի զինուած բոլոր կազմակերպութիւնները ապազինելու:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդը շաբաթավերջին Մուխթարայի պալատին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իրենց համար կարեւորը կը մնայ Լիբանանը պահպանել` աւելցնելով, որ պէտք է ամէն իմաստով օժանդակել լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ կան տարրեր, որոնք շինիչ կերպով չեն վարուիր հանրապետութեան նախագահ ընտրելու ուղղութեամբ: Ան հաստատեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ստացած է 51 քուէ, եւ անոր սահմանադրական իրաւունքն է շարունակել այս պայքարը` յաղթէ ան, թէ պարտուի: «Անկախ այս բոլորէն, կ՛ուզենք գիտնալ, թէ ո՞վ է հանրապետութեան նախագահի երրորդ ընտրանքը», հարց տուաւ ան:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններն ու տնտեսական կացութեան հետզհետէ վատթարացող իրավիճակը:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Պապական Նուիրակը

Յաջորդը

Իսրայէլեան Ռմբակոծումները Կը Պատճառեն 14 Քաղաքային Վիրաւորներ, Իսկ Հըզպալլա Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Իսրայէլեան Մայրուն Խարիսխը

RelatedPosts

Հաժժար. «Ընտրութիւններուն Բոլոր  Պատրաստութիւնները Ամբողջացած Են»
Լիբանանեան

Հաժժար. «Ամերիկացի Պատուիրակին Լիբանանցի Պաշտօնատարներու Հետ Բանակցութիւնները Դրական Ընթացան»

Օգոստոս 21, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 21, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?