Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Դեսպանները Պիտի Այցելեն Խորհրդարանի Նախագահին

Ապրիլ 22, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան լրատուամիջոցներ, իրենց տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ, կը հաղորդեն, թէ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի անդամ երկիրներուն դեսպանները` Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա եւ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի մօտիկ ապագային պիտի այցելեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Նկատի ունենալով, որ միջազգային հնգեակի դեսպանները աւարտած են քաղաքական ուժերուն եւ երեսփոխանական տարբեր պլոքներուն հետ իրենց հանդիպումները, ապա անոնք Պըրրիի հետ պիտի խորհրդակցին այդ հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին, ինչպէս նաեւ պիտի կատարեն այդ հանդիպումներուն արժեւորումն ու խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեն որդեգրուելիք հետագայ քայլերը:

Կը նախատեսուի, որ Պըրրիի հետ իրենց ունենալիք հանդիպումին լոյսին տակ, դեսպանները երկրորդ հանդիպում մը ունենան կարգ մը քաղաքական ուժերու հետ` փարատելու համար միջլիբանանեան երկխօսութեան կամ խորհրդակցութիւններու մասնակցելու իմաստով արգելքները, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

Էլիզէէն Հաղորդագրութիւն`
Մաքրոն–Միքաթի Հանդիպումին Մասին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի միջեւ Փարիզի մէջ կայացած հանդիպումին մասին Էլիզէի պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմին ընդարձակումն ու սահմանային ապահովական մագլցումները կանխարգիլելու:

Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ Մաքրոն հանդիպում մը ունեցած է նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ ընդգծած, որ Ֆրանսա լիբանանեան բանակին պատրաստ է տրամադրելու անհրաժեշտ օժանդակութիւնը:

«Մաքրոն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ի խնդիր Լիբանանի կայունութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան մեղմացումին: Այս շրջագիծին մէջ Ֆրանսա կը շարունակէ յանձնառու մնալ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու իր առաքելութեան, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին` օժանդակելու, որպէսզի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց ստանձնած պատասխանատուութիւնը կարենան գործադրել», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Հաղորդագրութեան համաձայն, Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ վերահաստատած լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն պատասխանատուութիւնը` Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւնները տկարացնող տագնապին լուծում մը գտնելու առումով»:

Միքաթի Փարիզի մէջ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով անոր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Պասիլ Այցելեց Ժեզզին.
«
Դիմադրութեան Մեր Ձեւը Կառուցելն Է»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ այցելեց Ժեզզինի առեւտրական շուկան, ուր բացումը կատարեց որոշ գործարարական ձեռնարկութիւններու:

Ան իր յայտարարութեան մէջ հաստատեց, որ Ժեզզինի մէջ վերանորոգումի եւ վերակառուցումի աշխատանքը պէտք է շարունակուի` աւելցնելով, որ Ժեզզինի մէջ մրցակցութիւնը կարեւոր է` զարգացնելու համար շրջանը:

«Քանդումի մտայնութիւնը յառաջդիմութեան պիտի չօժանդակէ, եւ իւրաքանչիւր կողմ իր ձեւով կը դիմադրէ: Իսկ դիմադրութեան մեր ձեւը կառուցելն է», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ուժը կը կայանայ բոլորին հանդէպ բաց ըլլալու իր քաղաքականութեան մէջ:

Պասիլ Ժեզզին կատարած իր այցելութիւնը աւարտեց բացումը կատարելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւի կեդրոնին:

«Կը մաղթենք, որ այս կեդրոնը հիւրընկալէ Ազգային ազատ հոսանքի նոր սերունդը, որ աւելի լաւ ապագայի մը մասին մտածէ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Պասիլ Ժեզզինի Մար Անթոնիոս եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցաւ կիրակի օրուան Ս. պատարագին:

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ
Բախումները Շարունակուեցան

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ շաբաթավերջին բախումները շարունակուեցան` Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ Իսրայէլի միջեւ:

Երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին պաղեստինեան Քասսամ փաղանգի լիբանանեան թեւը յայտարարեց, որ «Կրատ» տիպի 20 հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Շումերա զօրանոցը:

Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Այթա Շաապ, Ժապալ Պլաթ, Մարուն էլ Ռաս, Այթարուն, Ատայսէ, Քֆարքիլա, Քֆարշուպա, Ժըպպայն, Հարուֆ, Ժըպշիթ, Թէյր Հարֆա, Մայսէլ Ժապալ, Ժեզզին, Ժապպուր եւ Հուլա գիւղաքաղաքները` պատճառելով նիւթական վնասներ:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Հատպ Եարին դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց Ատասեր լերան վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն համախմբումը:

Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռահեպ եւ Ռուէյսեթ Ալամ դիրքերն ու հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորները:

Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուց իսրայէլեան Իվեն Մանախեմ բնակեցման վայրի արեւելեան բաժինը:

Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց իսրայէլեան Հանիթա դիրքին լրտեսական սարքերը, ինչպէս նաեւ Շլոմի եւ Մթըլլէ բնակեցման վայրերը` պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկները իսրայէլեան Նաթուհա բնակեցման վայրին մէջ թիրախահար հրթիռով մը ռմբակոծեցին «Համըր» տիպի ինքնաշարժ մը եւ քանդեցին զայն:

Դիմադրութեան պատերազմական տեղեկատուութեան բաժանմունքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան Շումերա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող շէնք մը, որ բնակուած էր իսրայէլացի զինուորներով:

Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին եւ քանդեցին նաեւ իսրայէլեան Տովիւ եւ Մըսքաֆ Աամ դիրքերուն վրայ գտնուող զինուորական եւ լրտեսական սարքերը:

Դիմադրութեան մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով քանդեցին իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքն ու հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն համախմբումին վնասներ հասցուցին:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Ալի Ռիտա Հարպ, Հիւսէյն Ալի Տողման եւ Մուպարաք Ալի Համիէ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

«Հրէշը Լուսնի Վրայ» Թատերախաղի Զոյգ Ներկայացումներ Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Բնակիչները Փակեցին Կիրանց-Ոսկեպար Ճանապարհահատուածը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?