Լիբանանեան

Ուսանողութեան ՈՉ-ը

«Նախագահական Ընտրութեան Հարցը Կարելի Չէ Լուծել` Բացի Ներքին Համախոհութեամբ Եւ Արտաքին Որոշումով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սփութնիք» ռատիոկայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը մօտիկ ապագային պիտի չլուծուի, հակառակ միջազգային ջանքերուն: Ան հաստատեց, որ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ պատերազմը ինքզինք պարտադրած է անհրաժեշտ նկատուող մնացեալ բոլոր հարցերուն վրայ: Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան Իսրայէլի դէմ պատերազմի մէջ է, եւ պայմանները...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Դատապարտէ  Փասքալ Սլէյմանի Սպանութիւնը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Դատապարտէ Փասքալ Սլէյմանի Սպանութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը` դատապարտելով Փասքալ Սլէյմանի սպանութիւնը: Յ. Բագրատունի կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մեր վկայած ապահովական դիւրաբեկ կացութեան մէջ, խստիւ կը դատապարտենք Փասքալ Սլէյմանի սպանութիւնը եւ կը ցաւակցինք անոր փոքր  ընտանիքին ու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընտանիքին: Դատական իշխանութիւններէն կը պահանջենք խստագոյն պատժական տնօրինումները որդեգրել ոճրագործներուն դէմ` կանխարգիլելու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 5000 լ. ոսկիով, իսկ  պիւթակազին սակը նուազած է 2000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են....

Պէյրութի Մէջ. «Լիբանանի Պաշտօնական Կեցուածքը Մեզի Համար Հասկնալի Է»    Շեշտեց Խրիսթոտուլիտես

Պէյրութի Մէջ. «Լիբանանի Պաշտօնական Կեցուածքը Մեզի Համար Հասկնալի Է» Շեշտեց Խրիսթոտուլիտես

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես երէկ միօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան: Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Խրիսթոտուլիտեսն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Ապա վարչապետարանին մէջ Խրիսթոտուլիտես արժանացաւ արարողակարգային պաշտօնական ընդունելութեան եւ Միքաթիի հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն յաջորդեց ընդարձակ հանդիպում` մասնակցութեամբ նախարարներուն, ապահովական կառոյցներու պետերուն եւ Կիպրոսի ու Լիբանանի դեսպաններուն: Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու...

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Ժիպէյլի  Պատասխանատու Փասքալ Սլէյման  Սպաննուած` Առեւանգման Ընթացքին

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Ժիպէյլի Պատասխանատու Փասքալ Սլէյման Սպաննուած` Առեւանգման Ընթացքին

Կիրակի, 7 ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ժիպէյլի Խարիպա գիւղաքաղաքին մէջ անծանօթներ առեւանգեցին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Ժիպէյլի պատասխանատու Փասքալ Սլէյմանը: Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ գրաւած է ինքնաշարժ մը, որ զինեալներուն կողմէ օգտագործուած է առեւանգելու համար Սլէյմանը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալած է վեց սուրիացիներ, որոնք մեղսակցած են առեւանգումին: Բանակի հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին Մեղմ Թափով

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին Մեղմ Թափով

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ երէկ բախումները շարունակուեցան աւելի մեղմ թափով: Իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Մարուն Ռաս, Այթարուն, Սուլթանիէ, Ատայսէ, Սըլմիէ, Քֆարշուպա եւ Քֆարհամամ գիւղաքաղաքները` պատճառելով վիրաւորներ: Դիմադրութեան մարտիկները անօդաչու թռչող սարքով մը թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ռաս Նաքուրա ծովային դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ: Երեկոյեան ժամը 6:10-ին, Դիմադրութիւնը «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեց իսրայէլեան Հատպ Եարին դիրքը եւ հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն համախմբումը:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Յունաստան: Պու Հապիպի Աթէնք այցելութիւնը նախապէս որոշուած էր` քննարկելու լիբանանեան-յունական յարաբերութիւնները, Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի վրայ կատարուող իսրայէլեան յարձակումներուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ  ապօրինի տեղահանութեան թղթածրարը: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ...

Իսրայէլ Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Հարաւային Լիբանանն Ու Պեքաան

Իսրայէլ Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Հարաւային Լիբանանն Ու Պեքաան

Իսրայէլեան բանակը շաբաթավերջին բուռն կերպով ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանն ու Պեքաան` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ: Իսրայէլեան բանակը շաբաթավերջին ռմբակոծեց Մէյս էլ Ժապալ, Այթա Շաապ, Ռըմէյշ, Արնուն, Շքիֆ բերդ, Թէյր Հարֆա, Լապպունէ, Համուլի հովիտ, Մերժահիուն, Եարին, Ժըպպայն, Շեպաա, Ռաշայա Ֆըխխար, Ատայսէ, Թիպէ, Պեքաա, Պաալպեք, Շաարա, Սաֆարի, Պարղազ հովիտ, Հասպայա, Հուլա, Տալաֆա հովիտ, Ժեզզին եւ Քֆարքիլա գիւղաքաղաքները: Մէյս էլ Ժապալի մէջ շաբաթ...

Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Վերադառնալու 1949-ի Զինադուլին

Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Վերադառնալու 1949-ի Զինադուլին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք այցելած է Պըրրիի` ցաւակցութիւն յայտնելու Ամալ շարժումի շարքերուն մէջ արձանագրուած նահատակներուն համար եւ զօրակցութիւն յայտնելու հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն: Ժոմպլաթ մաղթեց, որ կարելի ըլլայ հատել ատելութեան պատերը եւ յանգիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան,...

Զիատ Հաուաթ Ճոնսընի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Զիատ Հաուաթ Ճոնսընի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ երէկ Ժիպէյլի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Իր խօսքին մէջ Հաուաթ յայտնեց, որ Ժիպէյլ քաղաքակրթութիւններու բազմազանութեան եւ ազգային միասնականութեան լաւագոյն օրինակն է, «եւ հակառակ քաղաքին դիմագրաւած դժուար պայմաններուն, ան կը պատրաստուի յայտարարել զբօսաշրջական իր եղանակը` ամրան սկիզբը», ըսաւ ան: Հաուաթ շեշտեց,...

«Պըրրիի Հետ Կայացած Հանդիպումները Կը Դրսեւորեն Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Հաւատամքը, Թէ Դժուար Պահերուն Բոլորը Պէտք Է Տարակարծութիւնը Մէկդի Դնեն»  Շեշտեց Աթալլա

«Պըրրիի Հետ Կայացած Հանդիպումները Կը Դրսեւորեն Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Հաւատամքը, Թէ Դժուար Պահերուն Բոլորը Պէտք Է Տարակարծութիւնը Մէկդի Դնեն» Շեշտեց Աթալլա

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ունեցած իր կարգ մը հանդիպումներէն ետք, որոնք կը կատարուէին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի խորհուրդով, կարգ մը լիբանանեան օրաթերթեր անդրադարձ կատարած են անճիշդ տեղեկութիւններու եւ փորձած երեւակայութեան վրայ յենելով քանդել այդ հանդիպումներուն առթած դրական մթնոլորտը: «Պըրրիի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէն, որմէ ստացաւ շնորհաւորութիւններ` Ս. Զատկուան տօնին առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան վերաբերող հարցեր: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի...

Սէյիտ Նասրալլա. «Լիբանանի Մէջ Դիմադրութիւնը  Պատերազմէ Չի Վախնար Եւ Կազմ Ու Պատրաստ Է Անոր»

Սէյիտ Նասրալլա. «Լիբանանի Մէջ Դիմադրութիւնը Պատերազմէ Չի Վախնար Եւ Կազմ Ու Պատրաստ Է Անոր»

Երուսաղէմի միջազգային օրուան առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը միայն Երուսաղէմի եւ Աքսայի համար չէր` աւելցնելով, որ մարտիկները կը շարունակեն զոհուիլ սրբազան պատերազմի տարբեր ճակատներուն վրայ: Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ Երուսաղէմի միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած փառատօնը կոչուեցաւ «Ազատականներու փառատօն»: Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ պէտք...

Եւրոպական Միութիւնը Կը Հաստատէ Բարեկարգումները Գործադրելու  Կարեւորութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Հաստատէ Բարեկարգումները Գործադրելու Կարեւորութիւնը

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն Լիբանանի մէջ դեսպաններուն կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երկու տարի առաջ` 7 ապրիլ 2022-ին Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ կայացաւ համաձայնութիւն մը` բարեկարգումներու ծրագիրի շուրջ: «Ծրագիրին համաձայն, Լիբանանին 3 միլիառ տոլար պիտի տրամադրուէր` զայն ապաքինման հունին մէջ պահելու եւ անոր նկատմամբ միջազգային վստահութիւնը վերականգնելու: Դժբախտաբար սակայն այդ...

Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Լիբանանի Հետ  Իր Ստորագրած Համաձայնութիւնը Չ՛ուզեր Ջնջել

Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Լիբանանի Հետ Իր Ստորագրած Համաձայնութիւնը Չ՛ուզեր Ջնջել

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի գործադիր տնօրէն Մահմուտ Մուհիէտտինը` ներկայութեամբ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի, ինչպէս նաեւ Միքաթիի խորհրդականներ Նիքոլա Նահհասի եւ Սամիր Տահերի: Հանդիպումէն ետք Մուհիէտտին յայտնեց, որ Միքաթիի հետ իր հանդիպումը կ՛իյնայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ իր ունենալիք հանդիպումներուն շարքին: Մուհիէտտին շեշտեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկէ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտարարեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները պիտի կայանան 12 մայիս 2024-ին: ՏԱՐ Ֆաթուայի համաձայն, կը նախատեսուի, որ լուսնի մահիկը երեւի երկուշաբթի, 8 ապրիլ 2024-ի մայրամուտէն ետք: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը,...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Սեփական Մարզի Պաշտօնեաներուն Նուազագոյն Աշխատավարձը 18 Միլիոն Լ. Ոսկիի Վերածել` 9 Միլիոն Լ. Ոսկի Փոխադրածախսի Կողքին

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Սեփական Մարզի Պաշտօնեաներուն Նուազագոյն Աշխատավարձը 18 Միլիոն Լ. Ոսկիի Վերածել` 9 Միլիոն Լ. Ոսկի Փոխադրածախսի Կողքին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումներն ու գործուած ոտնձգութիւնները տակաւին կը շարունակուին` արձանագրելով նահատակներ, վիրաւորներ եւ հսկայական քանդում: Ան դիտել տուաւ, որ շուրջ 100 հազար քաղաքայիններ հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած են, արձանագրուած են 331 զոհեր եւ շուրջ 1000 վիրաւորներ: «Հիմնական աղէտը սակայն երկրագործական մարզը հարուածած է: 800 հեկտար...

Իսրայէլեան Բանակը Կը Շարունակէ  Քանդել Հարաւային Լիբանանը

Իսրայէլեան Բանակը Կը Շարունակէ Քանդել Հարաւային Լիբանանը

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի երէկ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութիւնը հետզհետէ աւելի թէժ եւ մտահոգիչ կը դառնայ: Թինընթի ընդգծեց, որ պատերազմի հաւանականութիւնը բարձր է եւ տիրող կացութիւնը ծայր աստիճան վտանգաւոր: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ իսրայէլեան զինուորական գործողութեան մը կատարման հաւանականութիւնը առկայ է: Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Հուլա, Այթա Շաապ,...

Ռայի Պատրիարքը Վրոնեցքայի Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, որ պատրիարքին հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Մաուլաուիի ընկերակցեցաւ Նաժուա Սուէյտան, որ տնօրէն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա` ընդառաջելով Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքի հրաւէրին: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրին, որուն հետ քննարկեց ելեւմտական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ...

Page 208 of 986 1 … 207 208 209 … 986

Արխիւներ