Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Ռմբակոծումները Կը Պատճառեն 14 Քաղաքային Վիրաւորներ, Իսկ Հըզպալլա Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Իսրայէլեան Մայրուն Խարիսխը

April 29, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւններուն, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն Թել Աւիւ կատարած իր այցելութենէն ետք պիտի այցելէ Լիբանան` փորձելով դիւանագիտական լուծումի մը յանգելով վերջ տալ հարաւային սահմանագիծի բախումներուն, Հոքշթայն չայցելեց Պէյրութ, եւ այդ ճիգերուն մասին լուրերը մնացին պակասաւոր:

Միւս կողմէ, գետնի վրայ ընթացող բախումները աւելի բուռն բնոյթ ստացան անցեալ շաբաթավերջին, երբ իսրայէլեան կործանիչներ Ռիհանի մէջ ռմբակոծեցին Հըզպալլայի զինուորական կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ Քֆարքիլայի մէջ գտնուող շէնք մը, որ կ՛օգտագործուէր զինուորական նպատակներով:

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ շարունակուող բախումներուն շրջագիծին մէջ, իսրայէլեան օդուժն ու հրետանին երէկ ռմբակոծեցին Մայսէլ Ժապալի կառավարական հիւանդանոցի շրջափակը, ինչպէս նաեւ Այթա Շաապ, Մարուն Ռաս, Այթարուն, Ատայսէ, Քֆարշուպա, Քֆարհամամ, Քֆարշուպա, Շեպաա, Քաուզահ, Պէյթ Լիֆ, Պլիտա, Հուլա, Թայր Հարֆա, Տհայրա, Մարքապա եւ Սըրպին գիւղաքաղաքները` պատճառելով վիրաւորներ:

Սըրպինի մէջ շաբաթ երեկոյեան իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով վիրաւորուեցան 14 քաղաքայիններ:

Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց, որ կատարած է շարք մը զինուորական գործողութիւններ, որոնց ընթացքին ռմբակոծած է իսրայէլեան զինուորական դիրքեր, խարիսխներ ու կեդրոններ:

Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծած են իսրայէլեան Հապուշիթի դիրքը, «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած են իսրայէլեան Կոլանի փաղանգին դիրքերն ու Շումերա բնակեցման վայրը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան Մանարա բնակեցման վայրն ու Կոլանի փաղանգին 51-րդ զօրամասին կեդրոնը:

Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Սըմմեքա դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ եւ պատճառելով մարդկային վնասներ:

Շաբաթ կէս գիշերին «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով Դիմադրութիւնը բուռն կերպով ռմբակոծեց իսրայէլեան Մայրուն զինուորական դիրքը եւ հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն համախմբումը:

Երէկ կէսօրին Հըզպալլա հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Պաղտատի դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուց անոր:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Ֆարժալլա Ալի Համմուտ եւ Ռաֆեհ Ֆայեզ Հասսան միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. «Առանց Հանրապետութեան Նախագահի Լիբանան Բանակցութեան Սեղան Պիտի Չհրաւիրուի» Հաստատեց Սեժուրնէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.