Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. «Առանց Հանրապետութեան Նախագահի Լիբանան Բանակցութեան Սեղան Պիտի Չհրաւիրուի» Հաստատեց Սեժուրնէ

Ապրիլ 29, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ, որ նախանցեալ գիշեր միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Պէյրութ, երէկ առաւօտեան այցելեց Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու կեդրոնը:

Նաքուրայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Սեժուրնէ յայտնեց, որ այսօր եթէ պահ մը ենթադրենք, որ Կազայի մէջ պատերազմ չկայ, ապա անկարելի է ըսել հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմ չկայ` վկայելով հարաւային Լիբանանի ստացած բոլոր հարուածները:

Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ ինք լիբանանցի պատասխանատուներուն պիտի ներկայացնէ առաջարկներ, որոնք կը միտին հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ու Իսրայէլի միջեւ բախումները հանդարտեցնել եւ հարաւային սահմանագիծին կայունութիւնը վերահաստատել:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Սեժուրնէն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Անն Կրիօ, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան կարգ մը խորհրդատուներ:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումներն ու գետնի վրայ արձանագրուող իսրայէլեան բռնարարքները` Կազայի եւ Լիբանանի դէմ:

Հանդիպումէն ետք Սեժուրնէ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի եւ անոր նախագահ Էմանուել Մաքրոնին, որոնք յանձնառու դերակատարութեամբ կը ջանան Լիբանանի դէմ պատերազմը կանխարգիլել:

Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանան պատրաստ է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու` իր բոլոր մանրամասնութիւններով:

Պըրրի անդրադարձաւ նաեւ Իսրայէլի կողմէ հարաւային Լիբանանի վրայ ամէնօրեայ դրութեամբ գործուող յարձակումներուն եւ այդ իմաստով Սեժուրնէին ներկայացուց քարտէս մը, որ կը պարունակէր նիւթական այն հսկայական վնասները, որոնք արձանագրուած են հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքներուն եւ երկրագործական նպատակներով օգտագործուող տարածքներուն ու դաշտերուն մէջ` նկատի ունենալով Իսրայէլի կողմէ օգտագործուած զէնքերը, որոնք միջազգայնօրէն արգիլուած են:

Պըրրի Սեժուրնէին ներկայացուց նաեւ Իսրայէլի կողմէ բախման կէտերը խախտելու իրողութեան փաստեր:

Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան կը սպասէ ֆրանսական առաջարկին, որ կը միտի հարաւային սահմանագիծի բախումները կասեցնել եւ միջազգային բանաձեւը գործադրել: «Կը սպասենք այդ առաջարկին, որպէսզի սերտենք զայն եւ այդ իմաստով մեր պատասխանը տանք», հաստատեց ան:

Երեկոյեան Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին ֆրանսական առաջարկը չէ ստացած` աւելցնելով, որ այդ մասին հարց տուած է Սեժուրնէին, եւ ան պատասխանած է ըսելով, որ քանի մը ժամէն այդ առաջարկը գրաւոր կը հասնի լիբանանեան պետութեան:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` Պըրրի ողջունեց Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին ջանքերը, որոնք կը կեդրոնանան լիբանանցիներուն միջեւ խորհրդակցութիւն յառաջացնելու` ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահը:

Խորհրդարանի նախագահը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն բեռը կ՛աւելցնէ` տարբեր ոլորտներու մէջ: Պըրրի շեշտեց, որ այդ հարցը պիտի արծարծէ նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Կիպրոսի նախագահներուն հետ, որոնք այս շաբթուան ընթացքին պիտի այցելեն Լիբանան:

Պըրրի Ֆրանսայէն եւ Գերմանիայէն պահանջեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն առումով իրենց կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկել:

Պու Հապիպի Հետ

Սեժուրնէ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Երկկողմանի հանդիպումէն ետք Սեժուրնէ եւ Պու Հապիպ ընդարձակ հանդիպում մը ունեցան լիբանանեան եւ ֆրանսական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:

Նախքան ընդարձակ հանդիպումը, Սեժուրնէ շեշտեց, որ Պու Հապիպի հետ հանդիպումը դրական էր` աւելցնելով, որ Ֆրանսա մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանին:

Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ յայտնեց, որ Ֆրանսա նախանձախնդիր է Լիբանանի կայունութեան` աւելցնելով, որ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը կրնայ երկրին կայունութիւնը իրականացնել:

Ան ողջունեց որեւէ նախաձեռնութիւն, որ յօգուտ Լիբանանին է` աւելցնելով, որ Լիբանան կը վստահի Ֆրանսայի զօրակցութեան` սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող Պրիւքսելի խորհրդաժողովին ընթացքին:

Իր կարգին, Սեժուրնէ նշեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին Ֆրանսայի կատարած առաջարկին գծով:

Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին:

Վարչապետարանին Մէջ

Սեժուրնէ այցելեց նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետի պաշտօնակատարը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային, որ մնայուն կերպով Լիբանանի կողքին կը կանգնի եւ ամէն իմաստով կը զօրակցի անոր, ինչպէս նաեւ կ՛աշխատի ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել հարաւային Լիբանանի մէջ:

Ան բարձր գնահատեց նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց մասին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն միջազգային ամպիոններէն կ՛արտայայտուի:

Միքաթի վերստին կոչ ուղղեց Ֆրանսայի եւ եւրոպական երկիրներու օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծում մը գտնել:

Բանակի Հրամանատարին Մօտ

Սեժուրնէ այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին արձանագրուած ապահովական զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին Սեժուրնէ ընդգծեց լիբանանեան բանակին զօրակցելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ բանակը` գործակցութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ համաձայն ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, երկրին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը կը պահպանէ:

Մամլոյ Ասուլիս`
Ֆրանսական Դեսպանատան Մէջ

Աւարտելէ ետք իր հանդիպումները, Սեժուրնէ ֆրանսական դեսպանատան մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն` հաստատելով, որ իրենք կը մերժեն յոռեգոյն բեմագրութիւնը, որ պատերազմն է: «Ոչ ոք կը փափաքի, որ սահմանային զինուորական մագլցումները շարունակուին, եւ այս մասին յայտնեցի խորհրդարանի նախագահին, վարչապետի պաշտօնակատարին եւ բանակի հրամանատարին», ըսաւ ան:

Սեժուրնէ շեշտեց, որ Լիբանանը պահպանելը իրենց համար առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ պէտք է զայն փրկել շրջանային պատերազմէ:

«Հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը կը վերահաստատուի սահմանագիծին վրայ լիբանանեան բանակին տեղակայումով», նշեց Սեժուրնէ:

Ան ընդգծեց, որ Փարիզ պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բանակին` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը մեծ դերակատարութիւն ունին յոռեգոյն բեմագրութիւնը կանխարգիլելու գործին մէջ, «հետեւաբար բոլոր կողմերը պէտք է արտօնեն, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց պարտականութիւնները լիովին կատարեն»:

«Առանց հանրապետութեան նախագահի Լիբանան բանակցութեան սեղան պիտի չհրաւիրուի», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Ռմբակոծումները Կը Պատճառեն 14 Քաղաքային Վիրաւորներ, Իսկ Հըզպալլա Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Իսրայէլեան Մայրուն Խարիսխը

Յաջորդը

«Պէտք Է Զգուշանալ Շրջուն Ոճիրներէն Եւ Ի Վերջոյ Նստիլ Միջլիբանանեան Խորհրդակցութեան Սեղան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?