Ամիսներէ ի վեր Միջին Արեւելքի շրջանը կը խարխափի կայունութեան դասաւորման եւ որեւէ պահուն բռնկելու վտանգին տակ գտնուող մթնոլորտին մէջ: Արդարեւ, բախումներու արտաքին ու տեղական առնչակից կողմեր նախանձախնդիր են շրջանի երկիրները (յատկապէս` Լիբանանը) հեռու պահելու բախումներու սաստկացման, մեծ կամ ընդհանուր պատերազմի բռնկումի վտանգներէն: Այս գծով ուշագրաւ էին Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ արձանագրուած փոխադարձ հրթիռարձակման հետեւանքով դրսեւորուած ինքնազսպումի եւ խաղաղութեան կոչերը: Այս ծիրին մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերէս թախանձագին կոչ ուղղեց շրջանի խնդրոյ առարկայ կողմերուն` ինքնազսպումի եւ բախումներէն խուսափելու` զգուշացնելով, որ շրջանը կը գտնուի բռնկելու վտանգին տակ գտնուող տակառի մը պատկերը յիշեցնող սպառնալիքի տակ: Նմանապէս, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ կոչ ուղղեց հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու: Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան պատասխանատուներէն Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն զգուշացուց շրջանին մէջ բախումներու սաստկացումէն: Նոյն ծիրին մէջ ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրներ կը շտապեն շրջանի կացութիւնը ամէն գնով կայունացնելու եւ զայն իբրեւ դրական խաղաքարտ օգտագործելու յառաջիկայ նոյեմբերին նախատեսուող (ամերիկեան) նախագահական ընտրապայքարի ընթացքին, որ հետզհետէ սուր բնոյթ կը ստանայ` նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփին ի նպաստ ձայներու ապահովման հաւանականութեան լոյսին տակ: Այլ խօսքով, ամերիկացիք կը ջանան ապահովել շրջանի «աւարէն» իրենց բաժինը, ուր միլիառաւոր տոլարներու հասնող հում կազի հսկայական աղբիւր կայ Կազայի յատակը: Այս մտադրութեան պերճախօս մէկ օրինակն է վերջերս յատուկ նաւահանգիստի կառուցման քայլը` Կազայի բնակչութեան սննդեղէն հասցնելու պիտակին տակ: Տնտեսական գաղութարարութեան արդիական մէկ նմուշը, որ սակայն ցաւօք կը կիրարկուի հազարաւոր անմեղներու աճիւններուն հետքերով:
Մինչ այդ, կարգ մը մեկնաբաններ անխուսափելի կը նկատեն կացութեան բռնկեցումը, մեկնելով առնչակից կողմերուն մօտ տիրող լարուած եւ թշնամական կեցուածքներէն: Այսուհանդերձ, հայեացքները ուղղուած են Օմանի կողմը, ուր լուսարձակէ հեռու բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան շրջանի իրավիճակը վերադասաւորելու հեռանկարով: Ընդհանուր տրամադրութիւն կը տիրէ, թէ անցեալ դարաշրջանի սկիզբը հաստատուած Սայքս-Փիքօ համաձայնագիրը աւելի քան դար մը ետք արդէն ժամանակավրէպ դարձած է, եւ պէտք է շրջանը հիմնովին վերանայումի ենթարկել, ուր որոշ երկիրներ կրնան քարտէսի վրայ մատիտի «շեղումներով» կորսնցնել իրենց սահմաններն ու գերիշխանութիւնը:
Լիբանանցի Վարիչներ Եւս
Շրջանի զինուորական թէ դիւանագիտական ընտրանքներուն միջեւ խարխափող մթնոլորտին մէջ լիբանանցի վարիչներ իրենց կարգին կը փութան հրատապ առկախ հարցերը ամբողջական թղթածրարներով ներկայացնելու շրջանին գծով նախատեսուող նոր դասաւորումներու սեղանին վրայ: Այս իմաստով վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, երէկ ընդառաջելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հրաւէրին, մեկնեցաւ Փարիզ, ուր շուրջ մէկ ժամ տեւող խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանը յուզող հրատապ հարցերուն, յատկապէս` սուրիացի տեղահանուածներու «ճակատագիրին» գծով: Աւելի ուշ հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ նոյնպէս Փարիզ գտնուող լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն:
Զօր. Ժոզեֆ Աուն նաեւ տեսակցութիւններ ունեցաւ Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի բանակներու հրամանատարներուն հետ: Այս առիթով որոշուեցաւ կազմել յատուկ յանձնախումբ մը, որ պիտի հոգայ լիբանանեան բանակի անհրաժեշտ հրատապ կարիքները եւ զանոնք հայթայթելու գործնական միջոցները: