Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Գծով Միջազգային Հնգեակի Խորհրդակցութեանց Ծիրին Մէջ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի. «Պէտք Է Դիմենք Երկխօսութեան Ու Անոր Խորքն Ու Ձեւը Մենք Պէտք Է Որոշենք»

April 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պէտք է դիմենք երկխօսութեան», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Լիբանանի գծով կազմուած հնգեակի հետ կայացած հանդիպումի աւարտին: Լրագրողներու հարցումին պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ լիբանանցիք իրե՛նք պէտք է որոշեն, եւ ըսաւ. «Մե՛նք պէտք է որոշենք երկխօսութեան ձեւն ու խորքը»:

Արդարեւ, Լիբանանի հրատապ հարցերու, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թնճուկի լուծման ճիգերու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Յակոբ Թերզեան երեքշաբթի օր մասնակցեցան Լիբանանի  խորհրդարանական պլոքներու հետ կայացած հանդիպումին: Խորքին մէջ աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր Լիբանանի  քաղաքացիներն ու ղեկավար ընտրանին մտահոգող նախագահական թնճուկի կարծրատիպ կեցուածքները մեղմացնելու եւ այս գծով կողմերու «բազկերակը քննելու» միտումով միջազգային հնգեակի ներկայացուցիչ դեսպանները նախանցեալ օր Եգիպտոսի դեսպան Ալաա Մուսայի Տաուհաթ Արամունի բնակարանին մէջ տեսակցեցան Լիբանանի խորհրդարանական գլխաւոր պլոքներուն, յատկապէս Հայկական երեսփոխանական, Ազգային համախոհութեան, Փոփոխութեան ուժերու եւ Թաժատտոտ, (Վերանորոգում) պլոքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին ամիսներէ ի վեր Լիբանանի նախագահական  թափուր աթոռի հարցն ու առնչակից կողմերուն միջեւ համախոհութեան գոյացման կարելիութիւնները:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հնգեակին ներկայացուց Հայկական երեսփոխանական պլոքի աւանդական վարքագիծը` պատերազմը մերժելու, բացառապէս քաղաքական երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու եւ միջհամայնքային համախոհութեամբ երկիրը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնն ու Հայկական երեսփոխանական պլոքը պատրաստ են ճիգ չխնայելու հանրապետութեան նախագահ ընտրելու աշխատանքին գծով` ընդգծելով, որ հրամայական է, որ համալիբանանեան համախութիւն գոյանայ նախագահի թեկնածուի շուրջ:

 

Նախորդը

Հնգեակի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Մարատայի Եւ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Ղեկավարներուն

Յաջորդը

Ֆրանսան Տուն Կանչեց Ազրպէյճանի Մէջ Իր Դեսպանը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.