ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Հանդիպումը եղաւ նաեւ առիթ մը` քննարկելու հարաւային Լիբանանի զարգացումներն ու Լիբանանի ապահովական իրավիճակին վերաբերող մանրամասնութիւններ: