Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանի Ապահովական Մտահոգիչ Մթնոլորտի Լոյսին Տակ. Ճիգերը Կեդրոնացած Են Հրատապ Հարցերու Լուծման Վրայ, Հոն, Ուր Կարելի Է

Ապրիլ 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն միջոցին, երբ շրջանի ժողովրդային թէ ղեկավար շրջանակներ անհամբեր կը հետեւին շրջանային, յատկապէս ապահովական իրադարձութիւններու նորագոյն զարգացումներուն, տողատակի պատգամներու թէ դռնփակ խորհրդակցութիւններու ճամբով սերտ ճիգեր կը տարուին բռնկումի վտանգին տակ գտնուող հրատապ հարցերու լուծման համար, հոն, ուր կարելի է, ձեռնտու միջոցներով: Փաստօրէն, կարելի է հաստատել, որ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ շրջանի այլ առնչակից երկիրներու ապահովական վիճակը ներկայ անորոշ կացութեան լոյսին տակ կրնայ բռնկիլ սխալ քայլով մը: Արդարեւ, անցնող շաբաթ օր նախընթաց մը կազմող իրանեան անօդաչու սարքերու թիրախաւորումը իսրայէլեան սահմաններուն, լուրջ մտահոգութիւն պատճառեց շրջանի կայունութեամբ մտահոգ տեղական թէ արտաքին կողմերուն, մինչ կարգ մը այլ կողմեր նշեալ յարձակումը յաղթանակի համազօր քայլ մը նկատեցին անցնող 7 հոկտեմբերի գործողութենէն ետք: Օրինակ, Իսրայէլի մէջ Ռուսիոյ դեսպան  Անաթոլի Վիքթորով զգուշացուց, որ իրանեան յարձակումին դէմ իսրայէլեան հակադարձութիւնը կրնայ առաջնորդել մեծ պատերազմի: Խորքին մէջ մտավախութիւններուն հիմք տուող ազդակները բազմակողմանի են, այն իմաստով, որ իսրայէլեան հակադարձութիւն մը ապահովականի կողքին կրնայ պատճառել նաեւ տնտեսական, ժողովրդագրական, քաղաքական եւ ընկերային հետեւանքներ:

Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր վերջերս գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինի այն յայտարարութիւնը, թէ Լիբանանի մէջ տեղակայուած սուրիական գաղթակայաններուն մէջ կան 20 հազար զինեալներ: Այլ խօսքով, սուրիացի տեղահանուածներու երեւոյթը իր օրըստօրէ աճող թուաքանակով կը նմանի որեւէ պատեհ առիթի բռնկելու վտանգին տակ գտնուող պատրոյգի:

Այս ծիրին մէջ նոյնքան ուշագրաւ էր երէկ վարչապետի պաշտօնակատար  Նեժիպ Միքաթիի կոչը ներքին գործոց նախարարին, հետապնդելու եւ իրաւական, ի հարկին նաեւ պատժական համապատասխան տնօրինումներ սահմանելու օտարահպատակներուն, յատկապէս ապօրինի կարգավիճակով Լիբանան գտնուող սուրիացիներուն նկատմամբ: Ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի այս գծով յիշած էր, թէ ներկայիս Լիբանանի մէջ երեք հարիւր հազար սուրիացիներ օրինաւոր կեցութեան փաստաթուղթեր ունին, ութ հարիւր հազար արձանագրուած են, մինչ մէկ միլիոն եւ երկու հարիւր հազար սուրիացիներ ցարդ չեն արձանագրուած: Թուական այս պատկերը օրինական փաստաթուղթերու հիման վրայ կատարուած է, ու կարելի չէ անհաւանական նկատել բոլորովին անյայտ եւ առանց որեւէ փաստաթուղթի Լիբանան գտնուող տեղահանուածներու յաւելեալ թիւ: Աւելի՛ն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հաստատելով ապօրինի կարգավիճակով Լիբանան գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու երեւոյթը, պատկան մարմիններէն պահանջեց հետապնդել եւ օրինաւոր փաստաթուղթերու չգոյութեան պարագային զանոնք վտարել երկրէն: Պասիլ նաեւ շեշտեց, որ պէտք չէ բոլոր սուրիացիները օրինազանց նկատել` ընդգծելով, որ ինք ցեղապաշտական թէ խտրական միտումով չէ, որ կը հաստատէ իր այս կեցուածքը:

Լիբանանի քաղաքական թէ ապահովական  կայունութեան դէմ ցցուող մէկ այլ մարտահրաւէր է նաեւ երկրի երկար ատենէ ի վեր առկախ մնացած նախագահական ընտրութեան հարցը, որուն գծով կը նախատեսուի լուրջ քայլերու ձեռնարկել մօտիկ ապագային, տօնական օրերու աւարտին զուգահեռ: Այս ծիրին մէջ վաղը` չորեքշաբթի, Եգիպտոսի դեսպանը առնչակից հնգեակին մասնակցութեամբ խորհրդակցական անջատ հանդիպումներու պիտի ձեռնարկէ նախագահական թեկնածուներու եւ այս հարցով առնչակից «բանալի» անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ:

Ընկերային առումով եւս նախարարական խորհրդակցական սեղմ հանդիպում մը կայացաւ երկուշաբթի, ուր քննարկուեցան երկրի հրատապ հարցերը: Այս գծով տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքարի յայտարարեց, որ ըստ տուեալներուն առնուազն մէկ ամսուան ուտեստեղէնի պարէն ապահովուած է եւ թէ մտահոգուելու կարիք չկայ շրջանային բախումի մը պարագային Լիբանանի կացութեան վատթարացման գծով: Նոյնպէս հրատապ հարց է վերջերս յաճախակիօրէն կրկնուող անմեղ քաղաքացիներու դէմ կողոպուտի, սաստումներու թէ սպանութեան երեւոյթները, որոնց նորագոյնը կը նկատուի Փասքալ Սլէյմանի սպանութիւնը:

Իրերու այս դրութեան մէջ քաղաքացիք անհամբեր են գործնական արդիւնքներու թարգմանութեան` իրենց օրապահիկի թէ կենցաղային կարիքներու ապահովման գծով:

Նախորդը

Քենաանի. «Շրջանին Մէջ Յաւելեալ Լարուածութիւն Չենք Ուզեր»

Յաջորդը

«Տը Թայմզ». «Բրիտանիան Հայաստանի Հետ Կը Բանակցի` Ապօրինի Ներգաղթեալները Այդտեղ Ուղարկելու Համար»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?