Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Քաղաքական Հրատապ Հարցերը Առանցքային Նիւթ` Պատկան Կողմերու Խորհրդակցութեանց Ընթացքին

Ապրիլ 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռի հարցն ու հետզհետէ շեշտուող սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը առանցքը կազմեցին երէկ երկրի պատկան վարիչներու խորհրդակցութեանց: Այս ծիրին մէջ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցի լուծման առաջադրանքով կազմուած արաբական, ամերիկեան եւ ֆրանսական պետութեանց ներկայացուցիչներէ կազմուած հնգեակի յանձնախումբը երէկ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ: Այս գծով հնգեակին անունով Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա դրական որակեց կայացած խօսակցութիւնները` հաւաստելով, որ այս կապակցութեամբ հնգեակը այցելութիւն մը պիտի տայ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, անոր փոխանցելու ցարդ կայացած խորհրդակցութեանց արդիւնքները լիբանանեան տարբեր կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Ճոնսըն կը բացակայէր Պասիլի հետ կայացած հանդիպումէն: Նմանապէս, երեսփոխան Ռաատի հետ հանդիպումը կայացաւ հնգեակի կազմէն երեք ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Տեսակցութեանց աւարտին, Եգիպտոսի դեսպանը իր բնակարանը հրաւիրեց հնգեակի անդամները` խորհրդակցելու համար ցարդ կայացած տեսակցութիւններու արդիւնքներուն եւ յատկապէս ձեռք բերուած գործնական քայլերուն շուրջ:

Միւս կողմէ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր գլուխ գլխի խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Այս առիթով Ֆրենժիէ վերահաստատեց իր թեկնածութիւնը Լիբանանի նախագահական ընտրութեան` դիտել տալով, որ իր թեկնածութիւնը ժողովրդավարութեան ցուցանիշ է: Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ քրիստոնեաներու փրկութիւնն ու ապահովութիւնը կը կայանայ երկխօսութեան կայացման մէջ:

Նաեւ Սուրիացի Տեղահանուածներու
Թղթածրարին Գծով

Քաղաքական ու յատկապէս ապահովական ու ընկերային իր հետեւանքներով յատկանշուող մարտահրաւէրներու, մանաւանդ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարի քննարկման անհրաժեշտութիւնը հիմնական շարժառիթը կազմեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի Ֆրանսա մեկնումին: Արդարեւ, ընդառաջելով Ֆրանսայի նախագահի հրաւէրին, կը նախատեսուի, որ այսօր, ուրբաթ, 19 ապրիլին, Միքաթի մեկնի Ֆրանսա, ուր նախագահ Մաքրոն զինք ընդունելով միասնաբար պիտի քննարկեն սուրիացի տեղահանուածներու հարցը: Նշենք, որ լրատուական աղբիւրներ ֆրանսական կողմերու վերագրելով իրենց տեղեկութիւնները վերջերս նշեցին, թէ Ֆրանսա ընդվզած է ամերիկեան միակողմանի շփումներէն լիբանանեան հարցերուն գծով, յատկապէս որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած Էյմըս Հոքշթայնի եւ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի հանդիպումը ակնկալուած արդիւնքին չէր յանգած:

Նոյն ծիրին մէջ ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ նախագահեց ապահովական պատկան մարմիններու նիստին, ուր հիմնականին մէջ արծարծուեցան օրինազանց տարրերու (ներառեալ սուրիացիները) հետապնդումն ու պատժական համապատասխան տնօրինումներու կիրարկումը:

Այս բոլորը այն միջոցին, երբ հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաայի եւ յատկապէս Պաալպեքի, Պլիտայի եւ Մարքապայի շրջանները երէկ դարձան իսրայէլեան սաստիկ յարձակումներու թիրախ` պատճառելով նիւթականի կողքին նաեւ մարդկային զոհեր ու վնասներ:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Կը Շարունակենք Դաշնակիցներու Հետ Իսրայէլի Վրայ Իրանեան Յարձակումին Դիւանագիտութեան Ճամբով Հակադարձելու Շուրջ Աշխատանքը»

Յաջորդը

Քոնկրեսական Մըքլինթոք Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?