Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնը Պաթրունի Մէջ Կը Գրաւէ Զէնք Փոխադրող Բեռնատար Մը
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Պաթրունի մէջ գրաւեց բեռնատար մը, որ զէնք ու զինամթերք կը փոխադրէր: Բեռնատարը Պաթրուն-Քֆար Ապիտա ճամբուն վրայ բացայայտուեցաւ, երբ բեռնատարին մէջ հրդեհ մը բռնկեցաւ: Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը այս ուղղութեամբ հետաքննութիւն բացաւ: Լիբանանեան դատական իշխանութեան մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ այդ բեռնատարը Թուրքիայէն եկած է եւ անոր մէջ կան 500 ատրճանակներ եւ գնդացիրներ, որոնք պիտի յանձնուէին պաղեստինեան Միէ Միէ...


















